ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ

Հա­յա­սա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Էնն Վիթ­քովս­քին։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան ար­ժե­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի խա­ղա­ղա­պահ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հան­դէպ ԱՄՆ-ի ցու­ցա­բե­րած շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Իր հեր­թին, Վիթ­քովս­քի ը­սաւ, որ իր եր­կի­րը բարձր կը գնա­հա­տէ Հա­յաս­տա­նի հետ գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը, պաշտ­պա­նա­կան բնա­գա­ւա­ռէ ներս փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ։ Հիւ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հրա­ւէ­րով Նիւ Եոր­քի մէջ կա­յա­ցած Խա­ղա­ղա­պա­հու­թեան հար­ցե­րով ա­ռաջ­նորդ­նե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մասնկ­ցու­թեան հա­մար։

Զրու­ցա­կից­նե­րը մտքեր փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ Հա­յաս­տան-ՆԱ­ԹՕ գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րու շուրջ։ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուող ջան­քե­րը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015