ՓԱԿ ՍԱՀՄԱՆԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Թուրքիա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ փաստավաւերագրական գործ մըն է այս մէկը. իսկապէս ուրոյն ու որակեալ աշխատանքի մը արդիւնքը, որ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ հանդիսատեսի դատին՝ «Խնկօ Ապոր» մանկական գրադարանի դահլիճի երդիքին տակ։ Այս ժապաւէնը, իսկապէս, ամբողջական գործ մըն է, նաեւ բազմակողմանի՝ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ապրուածները համապարփակ ձեւով դիտարկելու, իրադարձութիւնները համադրելու, մետայլի երկու երեսակներուն վրայ լոյս սփռելով դէպքերը արձանագրելու եւ ի վերջոյ հնարաւորինս առարկայական, խորքային պատկերացում մը կազմելու առումով։
Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը խթանելու ուղղեալ ընդարձակ նախագծին շրջագծով՝ Եւրոասիոյ հիմնադրամին կողմէ գանձատրուած է «Փակ սահմանի երկխօսութիւն» ժապաւէնին արտադրութիւնը։ Հայաստանէն «Վերսուս սթուտիա»ն այս ֆիլմը պատրաստած է՝ Թուրքիայէն Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) համագործակցութեամբ։ Թէ՛ հայերէնով եւ թէ թրքերէնով արտադրուած է այս ժապաւէնը։ Երէկուանը, անշուշտ, հայերէն տարբերակին առաջին ցուցադրութիւնն էր։ Ֆիլմի բեմագրութեան հեղինակն է Տիգրան Պասկեւիչեան, իսկ բեմադրիչը՝ Արա Շիրինեան։ Պատմութեան հիմնարկին անունով աշխատանքները համակարգած է Մեսուտ Եաշար Թուֆան։ Որպէս խորհրդական՝ ծրագրին մասնակցութիւն բերած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։
Բառին բուն իմաստով, Տիգրան Պասկեւիչեան-Արա Շիրինեան ստեղծագործական համագործակցութեան դրոշմը կը կրէ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն»ը, որու տեղեկատուական ճոխ բովանդակութիւնը այնքան մատչելի ու հաճելի ձեւով մը կը մատուց-ւի հանդիսատեսին՝ շնորհիւ անոնց անկրկնելի վարպետութեան։ Այս երկու անունները հայաշխարհի մօտ անվիճելի հեղինակութիւններ կը համարուին նման ծրագիրներու պարագային, իրենց վայելած միջազգային ճանաչումով հանդերձ։ Իրենց ներգրաւումը, առհասարակ, կը նկատուի գործի մը կատարեալ յաջողութեան գրաւականը եւ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն»ի պարագային եւս անոնք լիուլի արդարացուցած են իրենց վրայ դրուած յոյսերը։ Անոնք հարուստ փորձառութեան առընթեր, իրենց ամբողջ տաղանդն ու արտադրական կշիռը ի գործ դրած են այս ժապաւէնին համար, իսկ արդիւնքը եղած է՝ փայլուն, իսկապէս գերազանց։ Միեւնոյն ժամանակ, Պասկեւիչեան-Շիրինեան համագործակցութեան ողջունելի այս պտուղը կու գայ նոր չափանիշներ սահմանել, նոր ու յաւակնոտ հարթութիւն մը բնորոշել՝ Թուրքիա-Հայաստան ամենաբարդ յարաբերութիւնները խոշորացոյցի տակ բերելու տեսանկիւնէն։
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն»ը աշխարհի արդի պատմութեան մէջ շատ յաջող ձեւով կը դիրքաւորէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները, առանց անտեսելու վաղ ժամանակներէն ժառանգուածը, նաեւ առանց չափազանցելու կամ ստորագնահատելու՝ անոնց նշանակութիւնը։ Քաղաքականը, դիւանագիտականը, ռազմավարականը, գործարարականը, մարդկայինը, մշակութայինը, ընկերայինը, գեղարուեստականը, հասարակականը սքանչելիօրէն միահիւսուած են այնտեղ՝ ամենայն յարաբերակցութեամբ։ Միջպետական յարաբարութիւններու չոր շահապաշտութեան եւ մարդկային գործօնի խաչմերուկին վրայ՝ այս ֆիլմին մէջ դիպուկ ձեւով ներկայացուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ընթացքը, իւրաքանչիւր երկվայրկեանին վերագրելով հրապոյր մը։ Հանդիսատեսը մագնիսացած ուշադրութեամբ կրնայ հետեւիլ այս եզակի գործին, որուն մէջ կրնայ տեսնել հարստացուցիչ ու հաճելի ժամանցի մը առիթը։ Իսկ անոնք, որոնք կը ջանան հետեւիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ընթացքին, միանշանակօրէն, այս ֆիլմով ո՛չ միայն պիտի թարմացնեն իրենց յիշողութիւնը, այլ նաեւ՝ նորովի կշիռքի վրայ պիտի դնեն ապրուածները իրենց մտքին մէջ։
Ժապաւէնի յաջողութիւնը պայմանաւորած գործօններէն մին ալ եղած է անոր շրջագծով մէջբերուած վկայութիւններուն վիթխարի կարեւորութիւնը։ Ճակատագրային պատասխանատուութիւն ստանձնած պետական գործիչներ, դէպքերու կիզակէտին յայտնուած քաղաքական դէմքեր, խոհանոցային իրադարձութիւններուն քաջատեղեակ դիւանագէտներ, նուրբ իրավիճակներու մէջ պաշտօնավարած պաշտօնատարներ, յատկանշական գործ տեսած գործարարներ, ազդու լրագրողներ եւ ծանօթ հասարակական գործիչներ կը տողանցեն ֆիլմին մէջ։ Պաստառի այս պատկառազդու շքերթի մասնակիցներու շարքին յիշենք հետեւեալ անունները.
Ապտուլլահ Կիւլ (նախկին նախագահ), Հիքմէթ Չեթին (նախկին արտաքին գործոց նախարար), Վահան Փափազեան (Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար), Ալեքսանտր Արզումանեան (Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար), Էօզտէմ Սանպերկ (վաստակաւոր դեսպան), Սելիմ Քարաօսմանօղլու (վաստակաւոր դեսպան), Թոմաս Տը Վաալ («Քարնեկի» հիմնարկի վերլուծաբան), Ճեֆի Քամհի (գործարար, նախկին երեսփոխան), Ժիրայր Լիպարիտեան (Հայաստանի նախագահի նախկին աւագ խորհրդական), Վոլքան Վուրալ (վաստակաւոր դեսպան), Դաւիթ Շահնազարեան (Հայաստանի նախագահի նախկին յատուկ յանձնարարականներով դեսպան), Էօմէր Էրսուն (վաստակաւոր դեսպան), Սամսոն Էօզարարատ (Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գործարար խորհուրդին մօտ Հայաստանի նախկին ներկայացուցիչ), Իւնալ Չեւիքէօզ (վաստակաւոր դեսպան), Շահէն Պետրոսեան (Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութեան նախկին պետ), Տիգրան Ալթուն (թրքահայ գործարար), Քաան Սօյաք (Թուրք-հայ գործարարութեան զարգացման խորհուրդի նախագահ), Արսէն Ղազարեան (Հայ-թուրք գործարարութեան զարգացման խորհուրդի նախագահ), Ճենկիզ Չանտար (լրագրող-հրապարակագիր), Մեթէ Չուպուքճու (լրագրող-հրապարակագիր), Էմէլ Քուրմա (Հելսինքեան քաղաքացիական խորհրդարանի Թուրքիոյ ներկայացուցիչներէն), Արա Գօչունեան (լրագրող-հրապարակագիր) եւ հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեան (լրագրող-հրապարակագիր)։ Տեսանիւթին մէջ ներառնուած էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պատկան նիւթերով հարցազրոյցներէն կամ ելոյթներէն արխիւային տեսագրութիւններ։
Նկատի ունենալով, որ 1990-ական թուականներու առաջին կէսին կամ քիչ մը աւելի ուշ շրջաններուն պաշտօնավարած բարձրաստիճան պաշտօնատարները ներկայիս կոչուած են հանգստեան՝ ֆիլմին մէջ անոնք անարգել ձեւով արտայայտուած եւ ներկայացուցած են իրենց խորհրդածութիւնները։ Աւելի մօտաւոր անցեալի կամ վերջին շրջաններու պաշտօնատարներու պարագային նոյնը կարելի չէ եղած, որովհետեւ անոնցմէ շատեր տակաւին կը գտնուին գործի գլուխ, ինչ որ հասկնալի պատճառներով յառաջացուցած է սահմանափակումներ։
Երէկուան կալայի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տիգրան Պասկեւիչեան, որ բեմ հրաւիրեց նաեւ Մեսուտ Եաշար Թուֆանն ու Արա Գօչունեանը։ Ժապաւէնի ներկայացումէն վերջ վերստին հանդէս եկան այս երեք անունները, որոնք իրենց տպաւորութիւնները բաժնեցին ներկաներուն հետ եւ բացատրեցին, որ այս ծրագիրը ինչ նշանակութիւն ունէր իրանց տեսանկիւնէն։ Աւելի վերջ, հարցում-պատասխանի ձեւաչափին մէջ ամփոփ քննարկում մըն ալ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առկայ վիճակին շուրջ։
Արձակուելէ առաջ բոլոր ներկաները ջերմ շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին ստեղծագործական խումբին։