ԵՐԵՒԱՆԷ ՎԵՐՋ ՊԱՔՈՒ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, որոնք այս շաբաթավերջին կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան միջնորդներուն հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու հնարաւորութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոր հանդիպման մը կազմակերպման վերաբերեալ հարցերը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ իրավիճակին։ Հանդիպման մասնակիցները կարեւորեցին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ յանձնառութիւններուն նկատմամբ կողմերուն հաւատարմութիւնը։ Միջնորդներուն հետ զրուցելու ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողքին էր նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։

Մինչ այդ, միջնորդներու եւ Եդուարդ Նալպանտեանի միջեւ տեղի ունեցած առանձին զրոյցին ընթացքին ալ շարունակուեցան քննարկումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոր հանդիպման մը կազմակերպման շուրջ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ իրավիճակին, հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերուն շուրջ։

Միջնորդները այսօր ալ Պաքուի մէջ շփումներ կ՚ունենան Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017