ԴԺՈԽԱՅԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած պատերազմին վրայէն գրեթէ տասն օր անցած է։ Արցախի ղեկավարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ այս փուլը եզրափակուած է առաջնագծի վրայ կայուն յաջողութեամբ։ Թէժ մարտերու մթնոլորտին մէջ թէեւ հասկնալիօրէն յարափոփոխ կացութիւն մը կայ։ Յամենայնդէպս, հայկական աղբիւրները շարունակ կ՚ընդգծեն, որ ճակատի վրայ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնները փոփոխութեան չեն ենթարկուած։

Նախորդ գիշերը յարաբերաբար հանգիստ անցած էր, սակայն երէկ շուտով յայտնի դարձաւ, որ Ատրպէյճանի զօրքերը այդ պահը նոր կուտակումներ ընելու եւ նոր յարձակումի մը անցնելու համար պատրաստութեան նպատակով օգտագործած էին։ Արդարեւ, երէկ Ատրպէյճանի բանակը վերստին յարձակման անցաւ՝ թիրախաւորելով ամբողջ Արցախը։ Օրուան տեւողութեան եւ երէկ գիշեր կրակ տեղաց Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ խաղաղ բնակչութեան այլ բազում շրջաններու վրայ։ Իսկապէս դժոխային կացութիւն մը ստեղծուեցաւ սաստիկ ռմբակոծումներուն հետեւանքով։ Ռմբակոծեալ վայրերէն հասած դրուագները իսկապէս զգայացունց պատկեր մը կը ցոլացնեն, որովհետեւ Արցախի մէջ լուրջ աւերներ յառաջացած են, մինչ մարդիկ կը սգան զոհերը եւ կը ջանան կազմակերպել վիրաւորեալներու դարմանումը։

Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրները շեշտեցին, որ Պաքուի նոր յարձակումը յաջորդած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու վերջին յայտարարութեան։ Այս առաւօտեան ժամերուն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները հանդէս եկան ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ յայտարարութիւններով եւ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին գիշերուան թէժ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Հայկական զինեալ ուժերը յամառ դիմադրութեամբ պաշտպանական մարտեր մղած են եւ յաջողած՝ կասեցնել Ատրպէյճանի զօրքերու յարձակումները։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վառելաքսուքային երկու մեծ ռազմախարիսխ արդէն ոչնչացուած է։ Ըստ ռազմական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի հիւսիսային եւ հարաւային հատուածներուն մէջ ալ ահաւոր մարտեր տեղի ունեցած են։ Ատրպէյճանի բանակի լայնածաւալ յարձակումները հնարաւոր եղած է կասեցնել։ Նոյնիսկ, ըստ հայկական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը յաջողած է վերատիրանալ կարգ մը դիրքերու, որոնց հակակշիռը կորսնցուցած էր վերջին կռիւներուն ժամանակ։ Այս բոլորին առընթեր, այս առաւօտ հրապարակուեցան տասնեակ նոր հայ նահատակ զինուորներու անուններ։ Արցախի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորումները խուճապի մատնուելով արդէն սկսած են իրարու վրայ կրակել։

Պատերազմական գործողութիւններու երէկուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին ապրուեցաւ նաեւ Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի հարաւային հատուածին, որ բաւական մօտ է Իրանի սահմանին։ Ըստ հայկական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Ատրպէյճան մեծաքանակ կուտակումներ կատարեց Իրանի սահմանի մօտակայքին։ Հարկ է յիշեցնել, որ պատերազմի շրջանին արդէն Ատրպէյճանի խոցուած ուղղաթիռներ կամ անօդաչու թռչող սարքեր ինկած են Իրանի տարածք։ Իրանի բնակչութեան շրջանին եղած են տուժածներ՝ մասնաւորապէս վեց տարեկան աղջիկ մը։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը այս բոլորի լոյսին տակ խիստ զգուշացումներով հանդէս եկած է։ Իսկ Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Ամիր Հաթեմի երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը կոշտ քայլերու պիտի դիմէ, եթէ յառաջիկային ալ ռումբեր իյնան իր տարածքը։ Հակամարտ կողմերուն ուղղուած այս խիստ ազդարարութեան մթնոլորտին մէջ հայկական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պաքու դիտումնաւոր կը դիմէ նման քայլերու՝ Իրանը ներքաշելու համար հակամարտութեան մէջ։

Թեհրանի ղեկավարութիւնը դիւանագիտական հարթութեան վրայ եւս յառաջ կը տանի բազմակողմանի աշխատանք։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ քննարկելով Արցախի կացութիւնը։ Երկու նախարարները վտանգաւոր համարեցին Սուրիայէ եւ Լիպիայէ մեկնած գրոհայիններու ներգրաւումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ։

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020