ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՊԱՔՈՒ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Արցախի մէջ բռնկած նոր պատերազմի մթնոլորտին մէջ, սա զօրակցութեան այցելութիւն մըն էր։ «Ես եկած եմ Պաքու, որպէսզի անգամ մը եւս ի ցոյց դնեմ իմ աջակցութիւնը եղբայրական Ատրպէյճանին։ Թուրքիա պատրաստ է Ատրպէյճանի համար ամէն տեսակ աջակցութիւն տրամադրել՝ ամէն ոլորտի մէջ, եթէ կարիքը ըլլայ», ըսաւ Չավուշօղլու։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ եւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին՝ յանուն Ատրպէյճանի ժողովուրդին։ Ալիեւ նշեց, որ Անգարայի աջակցութիւնը կ՚ոգեւորէ Պաքուն։ Ըստ իրեն, շնորհիւ Թուրքիայէն ապահովուած զէնք ու զինամթերքին՝ Ատրպէյճանի բանակի կորուստները նուազած են։

Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Չավուշօղլուի եւ Պայրամովի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Այս առթիւ Չավուշօղլու ըսաւ.

«Ատրպէյճանի հերոս ժողովուրդին, սեփական տարածքներէն ներս Հայաստանի յարձակման ենթարկուած Ատրպէյճանին հերթական անգամ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ թուրք ժողովուրդին զօրակցութիւնը ցոյց տալու համար, ներկայ գործողութիւններու շրջանին կ՚այցելեմ Ատրպէյճան։ Մեր յարգարժան նախագահ պարոն Էրտողանի եւ թուրք ժողովուրդի ողջոյնները բերած եմ ձեզի։ Միշտ Ատրպէյճանի կողքին պիտի ըլլանք՝ այսօր ալ, վաղն ալ։ Անգամ մը եւս ամուր ձեւով կ՚ուզեմ աշխարհին յայտնել, որ Լեռնային Ղարաբաղ Ատրպէյճանին կը պատկանի։ Հակառակ բոլոր որոշումներուն, ան ցայսօր չէ կրցած փրկուիլ եւ միջազգային հաւաքականութիւնը շօշափելի քայլ մը չէ առած, որպէսզի Հայաստան ետ քաշուի։ ՄԱԿ-ի որոշումները չեն գործադրուած։ Նոյնպէս ԵԱՀԿ-ի որոշումները չեն գործադրուած։ Աւելի քան մէկ միլիոն փախստական մեր եղբայրները կը սպասեն վերադառնալու համար իրենց տունը։ Հակառակ այս բոլորին, Հայաստան միշտ եղած է նախայարձակ։ Նեղ կացութեան մատնուած Հայաստան սկսած է յարձակում գործել խաղաղ բնակավայրերու վրայ։ Սա մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է։ Սա պատերազմական յանցագործութիւն է եւ ոտնձգութիւն է Ժընեւի համաձայնութեան դէմ։ Սա իրականութեան մէջ ցոյց կու տայ Հայաստանի մատնուած կացութիւնը։ Ատրպէյճան երբեք չէ թիրախաւորած քաղաքային բնակչութեան շրջանները»։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Չավուշօղլու Պաքուի մէջ նշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ հաւասար հեռաւորութիւն պահելը, անոնց համահաւասար վերաբերմունք ցոյց տալը կը նշանակէ բռնագրաւիչը պարգեւատրել։ Աշխարհ արդարին՝ այսինքն Ատրպէյճանի կողքին պէտք է ըլլայ։ «Այսօր կը նայինք աշխարհէն բարձրացած կոչերուն. անմիջապէս հրադադար, շուտով հրադադար։ Շատ լաւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ հրադադար հաստատուի։ Նոյն բաները պիտի ապրուին։ Հայաստան դարձեալ պիտի յարձակի Ատրպէյճանի վրայ։ Սեպտեմբերին ալ Թովուզի վրայ յարձակած էր։ Հայաստանին կրնա՞ք ըսել, որ ետ քաշուի Ատրպէյճանի տարածքներէն։ Երեսուն տարիէ ի վեր նոյն կոչերն են։ Հայաստան երեսուն տարիէ ի վեր բռնագրաւման համը կը վայելէ եւ վերջին շրջանին իր բռնագրաւած տարածքներէն ներս կը տեղակայէ Մերձաւոր Արեւելքէն բերուած հայերը։ Միջազգային հաւաքականութիւնը այլեւս պէտք է տեսնէ, որ չի կրնար այսպէս շարունակուիլ։ Բնականաբար մենք պիտի շարունակենք բացատրել Ատրպէյճանի արդար դատը ու պիտի շարունակենք ճշմարտութիւնները խօսիլ, որպէսզի աշխարհ դիրք գրաւէ արդարի կողքին։ Ապագայ գործընթացին մէջ եւս պիտի շարունակենք պաշտպանել Ատրպէյճանի արդար դատը», յայտնեց Չավուշօղլու։

Նախարարի Պաքու այցելութեան զուգահեռ, Ատրպէյճանի համար զօրակցութեան յայտարարութիւններով հանդէս եկան նաեւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի։ «83 միլիոն՝ մեր սիրտը Ատրպէյճանի հետ է։ Կը սիրենք զանոնք եւ դէմ ենք անարդարութեան», յայտնեց Քըլըչտարօղլու ՃՀՓ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ժամանակ։ Իր կարգին Տեւլէթ Պահչելին ալ ըսաւ. «Հայաստանի զինեալ հրոսախումբերը կա՛մ ետ պիտի քաշուին կամ պիտի ճզմուին»։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսաժողով մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Տարածքաշրջանային խնդիրներու քննարկման ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Ատրպէյճան բախումները։ Էրտողան նշեց, որ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի տարածքներու վերաբերեալ խնդրի մշտական կարգաւորման համար պէտք է ՄԱԿ-ի որոշումները գործադրուին եւ միջազգային իրաւունքի պատշաճութիւնները յարգուին։ Գերմանիոյ կառավարական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր կարգին, Անկելա Մերքելն ալ կողմ արտայայտուած է կրակի դադրեցման եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բանակցութիւններուն, որոնք էական յառաջընթացի ուղղուած պիտի ըլլան։ Մերքելի հետ տեսակցութեան ընթացքին Էրտողանի կողքին էին՝ ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, բանբեր Իպրահիմ Քալըն, հաղորդակցութեան բաժնի պետ Ֆահրետտին Ալթուն եւ վարչական գործերու բաժնի պետ Մեթին Քըրաթլը։

Միւս կողմէ, թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ կը շարունակեն լայնօրէն լուսաբանել Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի վերաբերեալ իրադարձութիւնները՝ միշտ ցոլացնելով Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած հրապարակումներով պայմանաւորուած համայնապատկերը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի Պաքու այցելութեան վերաբերեալ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Չավուշօղլուի Պաքուի մէջ գտնուած ժամերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը նոր յարձակման մը անցած են՝ ռմբակոծելով Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Արցախի այլ բնակավայրերը։

Ատրպէյճանի աղբիւները երէկ հաղորդեցին նաեւ, որ հայկական կողմը կը թիրախաւորէ Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան խողովակաշարը։ Հայկական կողմէն թէ՛ ռազմական եւ թէ դիւանագիտական խողովակներու կողմէ բացարձակապէս հերքուեցան այս հաղորդումները, որոնք համարուեցան սադրանքներ՝ արդարացնելու համար Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ բնակավայրերուն վրայ կատարուած շարունակական ռմբակոծումները։ «Զաւեշտալի է, որ մտացածին ահաբեկչական գործողութեան մասին կը խօսի երկիր մը, որ յատկապէս վերջին շրջանին ամէն ինչ ըրած է՝ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ կարեւոր այս տարածքաշրջանէն ներս օտարազգի վարձկան ահաբեկիչներ ներմուծելու ուղղութեամբ», նշուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան յայտարարութեան մէջ։

«Ռէօյթըրզ» միջազգային հեղինակաւոր գործակալութիւնն ալ անդրադարձաւ Արցախի հարցին եւ Անգարայի դիրքորոշման։ «Էրտողան Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կարգավիճակը փոխելու հնարաւորութիւն կը տեսնէ», հաղորդած է գործակալութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ համար վճռական դիրքորոշումը ռազմավարական առաջնահերթութիւն է եւ ծախսատար անհրաժեշտութիւն մը։ «Ռէօյթըրզ»ի մեկնաբանութեամբ, Էրտողան Ատրպէյճանին աջակցութիւն կը ցուցաբերէ՝ «աշխարհակարգի մէջ արժանի տեղ գրաւելու Անգարայի ձգտումներու շրջանակին մէջ»։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020