ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ԱՅՆՔԱՆՈՎ, ՈՐՔԱՆՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան զիջումներու պատրաստ են այնքանով, որքանով պատրաստ է Ատրպէյճան։ AFP գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան ընդգծեց այս հանգամանքը՝ դիտել տալով, որ հակամարտութիւններու կարգաւորումը պէտք է իրականացուի փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ Փաշինեան վստահութիւն յայտնեց, թէ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսաստան կ՚օգնէ Հայաստանին։ Իր խօսքով՝ եթէ Հայաստանի անվտանգութեան դէմ սպառնալիք մը յառաջանայ, ապա Ռուսաստան կը կատարէ պայմանագրային պարտաւորութիւնները։ Ֆրանսական գործակալութեան առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մըն ալ տուաւ BBC-ին։ Ճոնահ Ֆիշերի կողմէ կատարուած հարցազրոյցին մէջ ալ Փաշինեան կրկնեց, որ եթէ Հայաստան սպառնալիքի տակ յայտնուի, ապա Ռուսաստան կը կատարէ իր պայմանագրային պարտաւորութիւնները։ «Այո՛, Արցախը Հայաստան է, ան միշտ եղած է հայկական տարածք, որու բնակչութեան աւելի քան 80 տոկոսը կազմած են հայերը։ Եւ այսօր ալ այդպէս է։ Ի՞նչ է հարցը։ Ատրպէյճան կը փափաքի, որ հայերը այնտեղ չապրին։ Այդ պատճառով ալ բերած է ահաբեկիչներ, որոնք կը յարձակին Արցախի վրայ», ըսաւ ան։ BBC-ի թղթակից Ֆիշեր, օրերէ ի վեր կը հետեւի Արցախի իրադարձութիւններուն եւ տեղւոյն վրայէն կը լուսաբանէ ամէն ինչ։ Ան հարց տուած է, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է՝ որպէս զիջում դիտարկել Արցախի յարակից քանի մը շրջաններու փոխանցումը Ատրպէյճանին։ Ի պատասխան Փաշինեան ըսած է. «Բանակցային ամբողջ գործընթացի պատմութեան ընթացքին քննարկուած են այս գաղափարները։ Անոնք քննարկուած են 2013-ին, 2015-ին եւ չեն ընդունուած միակ պատճառով մը. Ատրպէյճան հրաժարած է ճանչնալ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը»։ Ան աւելցուցած է, որ եթէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը յաջողութեան հասնին, ապա սա պիտի նշանակէ Արցախի ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութիւն։ Փաշինեան ընդգծած է, որ Ֆիշեր անձամբ եղած է Ստեփանակերտի մէջ եւ անձամբ ականատես եղած, թէ ինչպէս տեղւոյն բնակչութիւնը գոյապայքար կը մղէ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ նախօրէին Նիկոլ Փաշինեան այցելութիւն մը տուած է Արցախ։ Ան խորհրդակցութիւն մը ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայական կազմին հետ։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեան զեկուցած է առաջնագծի իրավիճակին, պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջիկայ քայլերուն մասին։

Ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ բանակի հրամանատարական կազմի խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է՝ տարածքաշրջանէ ներս ծայր առած ահաբեկչական նոր օճախի ոչնչացման ծրագիրը։

Բաց աստի, Արայիկ Յարութիւնեան երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ կոչով մը, որպէսզի միջազգային հակաահաբեկչական նոր համախոհութիւն մը ձեւաւորուի։ «Հայաստանն ու Արցախը այսօր պայքարի առաջնագծին են, որովհետեւ արժանապատուօրէն ընդունած են մարտահրաւէրը։ Մենք պիտի պայքարինք մինչեւ վերջնական յաղթանակ։ Սակայն սա միայն Արցախի եւ Հայաստանի խնդիրը չէ», նշեց Արայիկ Յարութիւնեան ընկերային ցանցերու վրայ՝ կոչ ուղղելով քաղաքակիրթ աշխարհին աշխոյժ մասնակցութիւն բերել այս պայքարին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020