ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Եւրոպայի քաղաքական համայնքի երէկ Փրակի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի միջազգային գետնի վրայ ձեռնարկուած յամառ ջանքերը շարունակուին՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացը կայունացնելու նպատակով։ Եւրոմիութեան անդամ կամ գոծընկեր, ընդհանրապէս, Եւրոպայի ցամաքամասի 44 երկիրներու ղեկավարները երէկ համախմբուեցան՝ իր տեսակին մէջ առաջին այս գագաթաժողովին առթիւ։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Չեխիոյ մայրաքաղաքին՝ Փրակի մէջ տեղի ունեցաւ այս մեծ հանդիպումը, որու ծիրէն ներս երկարատեւ բանակցութիւններ վարուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ լարուածութեան յաղթահարման եւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին նպաստելու առաջադրութեամբ։ Այսպէս, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Փրակի մէջ մէկտեղեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Քառակողմանի ձեւաչափով բանակցութիւնները տեղի ունեցան երկու փուլով։ Գագաթաժողովի ծրագիրէն վերջ այս չորս ղեկավարները մէկտեղուեցան, քննարկումներ վարեցին, ապա տեղի ունեցաւ ընդմիջում, աւելի վերջ ալ դարձեալ ծաւալուած քննարկումները շարունակութիւն գտան։ Ի վերջոյ, Փրակի մէջ այս չորս ղեկավարներուն կողմէ հրապարակուեցաւ նաեւ յայտարարութիւն մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Յառաջիկայ շրջանին Եւրոմիութիւնը սահմանի երկայնքով քաղաքացիական առաքելութիւն մը պիտի իրականացնէ երկամսեայ ժամկէտով։ Մինչ այդ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովի յաջորդ նիստն ալ տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ՝ մինչեւ ամսավերջ։

«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրին նկատմամբ, որոնց միջոցաւ երկու կողմերն ալ ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Անոնք հաստատեցին, թէ սա հիմք պիտի հանդիսանայ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու աշխատանքին համար։ Այդ յանձնաժողովներու յաջորդ նիստը Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ մինչեւ հոկտեմբերի վերջը։ Հայաստան հաստատեց իր համաձայնութիւնը՝ խրախուսելով ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութիւնը Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով։ Ատրպէյճան համաձայնեցաւ համագործակցիլ յիշեալ առաքելութեան հետ այնքանով՝ որքանով որ առընչութիւն կ՚ունենայ։ Առաքելութիւնը աշխատանքները պիտի սկսի հոկտեմբերին, առաւելագոյնը երկու ամիս ժամկէտով։ Առաքելութեան նպատակը պիտի ըլլայ վստահութեան կառուցումը եւ իր զեկոյցներուն միջոցաւ սահմանային յանձնաժողովներուն աջակցիլը», նշուած է երէկ-ւան քառակողմանի հանդիպումէն վերջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Իլհամ Ալիեւ երէկ Փրակի մէջ յայտարարեց, որ խաղաղութիւնը աստիճանաբար կը մօտենայ։ «Կը գնահատեմ այս ուղղութեամբ Շարլ Միշելի աշխատանքը՝ որովհետեւ, ինչպէս յայտնի է, Պրիւքսելի մէջ քանի մը անգամ եռակողմանի հանդիպումներ տեղի ունեցան եւ ամէն անգամ մենք աւելի մօտեցանք խաղաղութեան։ Այս հանդիպման ընթացքին կարեւոր հարցեր քննարկը-ւեցան եւ ես կը կարծեմ, թէ այս հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն կ՚ունենայ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու համար։ Յամենայնդէպս, շփումները կը շարունակուին», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2022