ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ 18-ԻՆ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԻՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբերի 18-ին, Սթրազպուրկի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մասին տեղեկացուց Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա, որ վերջին օրերուն Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյց մը ունեցաւ Կրանատայի մէջ կազմակերպուած՝ Եւրոպական քաղաքացիական համայնքի անպաշտօն գագաթաժողովի ծիրէն ներս։ Հարկ է նշել, որ Եւրոխորհրդարանը Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ վերջին օրերուն ընդունեց բանաձեւ մը, որու բովանդակութիւնը պատճառ դարձաւ թէ՛ Անգարայի եւ թէ Պաքուի բուռն հակազդեցութեան։
Միւս կողմէ, երէկ, Եւրոմիութեան տագնապներու կառավարման հարցերով յանձնակատար Եանէզ Լենարչիչ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, եւրոպացի յանձնակատարը տեսակցեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ «Եւրոմիութիւնը իր անսասան համերաշխութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին», յայտնեց Լենարչիչ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը եւրոպացի յանձնակատարին հետ կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակին շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Լաչինի միջանցքի՝ ամիսներ տեւած արգելափակման, սեպտեմբերի 19-ին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Ան ընդգծեց, որ տեղի ունեցածը փաստօրէն էթնիք զտում մըն էր. բան մը, որու վտանգին մասին Հայաստան ամիսներ շարունակ ահազանգած էր։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց տարածաշրջանէն ներս ուժի կիրառման շարունակուող վտանգի բացառման անհրաժեշտութիւնը։
Եւրոպացի յանձնակատարը Երեւանի մէջ խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ։ Իր շփումներուն ծիրէն ներս ան այցելեց նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ստեղծուած՝ մարդասիրական կեդրոնը, ուր կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ըսաւ, թէ Արցախէն տեղահանուածները կրնան ստանալ Եւրոմիութեան ամբողջական աջակցութիւնը։
Վարչապետ Փաշինեանն ալ եւրոպացի յանձնակատարին հետ զրուցելու ընթացքին շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս էթնիք զտման քաղաքականութեան հետեւանքով աւելի քան 100 հազար հոգի բռնի տեղահանութեան հետեւանքով յառաջացած տագնապի մը ենթարկուած է։ Այդ ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը՝ ներառեալ ելմտական։ Փաշինեան աւելցուց, որ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հետ վերջին օրերուն Կրանատայի մէջ ծաւալած է արդիւնաւէտ քննարկումներ՝ առկայ կարիքներու գնահատման եւ ապագայ օժանդակութեան վերաբերեալ։
Իր կարգին, Տիգրան Խաչատրեանն ալ Եւրոմիութեան պաշտօնատարին հետ քննարկեց Արցախէն բռնի տեղահանուածներու մարդասիրական հարցերը։ «Յանձնակատարի հետ կարեւորեցինք մարդասիրական բնոյթի լայնածաւալ ընելիքներու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրոմիութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը համաձայնեցնելու պարագան», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ որպէս առաջնային գերակայութիւն՝ արձանագրուած է տեղահանեալներու կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կարիքներու դիմագրաւման կարեւորութիւնը։ Փոխ-վարչապետը համոզուած է, թէ սա այն հիմքն է, որ պէտք է հնարաւոր դարձնէ բռնի տեղահանեալներու խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծումը եւ հասանելի մարդասիրական օգնութիւնը ճիշդ օգտագործելու եղանակով արագացնէ անոնց բնականոն կեանքի վերադառնալու ընթացքը։