ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՆԻ ԿԱՊԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ ԲԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ռուսաստան Կապանի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու ուղղեալ աշխատանքները արդէն գործնական դաշտ կը տեղափոխէ։ Նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան հաստատման յառաջապահ խումբի ղեկավարին եւ Մեղրիի քաղաքապետին հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քննարկուեցան Սիւնիքի մարզէն ներս Ռուսաստանի նոր հիւպատոսական գրասենեակի շուտափոյթ բացման հեռանկարները, ինչ որ զգալիօրէն պիտի դիւրացնէ հիւպատոսական ծառայութիւններու հասանելիութիւնը Ռուսաստանի այն քաղաքացիներուն համար, որոնք Հայաստանի հարաւին կը բնակին։
«Բաց աստի, նշուեցաւ, որ նոր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կը նպաստէ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու ապագայ ամրապնդման եւ տարածաշրջանէն ներս իրավիճակի կայունացման, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ մշակութային, մարդասիրական, առեւտրային, տնտեսական եւ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման», մատնանշուած է ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։