ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ
Արաբական աշխարհին համար Թուրքիոյ մէջ ընթացող քաղաքական խմորումները դարձած են շեշտակիօրէն կարեւոր, մանաւանդ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն արաբ-իսլամական աշխարհին բացուելու քաղաքականութեան պատճառով: Ակներեւ է նաեւ, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան իր հերթական ճառերուն մէջ սկսած է կարկինը լայն բանալով պատգամներ յղել ո՛չ միայն Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, այլ՝ ամբողջ արաբական աշխարհին սկսեալ Կազզէէն, անցնելով Երուսաղէմ, Պէյրութ, Գահիրէ ու Դամասկոս: Այս փոխկապակցութեան եւ ըմբռնումներու մօտիկութեան առընթեր ակներեւ է նաեւ, որ արաբական աշխարհը զօրակցական կեցուածք կ՚ակնկալէ Թուրքիայէն՝ Իսրայէլի հետ իր ունեցած տարակարծութիւններուն եւ գրեթէ կէս դարէ ի վեր շարունակ-ւող հակամարտութեան առընթեր: Այստեղ պէտք է նաեւ շեշտադրել, որ Էրտողանի իշխանութեան օրերուն Թուրքիան առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի իշխանութիւններուն հանդէպ ըրած է ծանր մեղադրանքներ եւ քննադատութիւններ, որոնց հետեւանքով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները աննախադէպ լարուածութիւն ապրած են:
Այսպէս Լիբանան հրապարակուող «Ալ Սաֆիր» պարբերականի հեղինակներէն՝ Խալիլ Հարպ իր «Թուրքիան վախու զէնքին եւ միացնող սուլթանի քըն-նութեան առջեւ» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ, թէ 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն արդիւնքը ո՛չ միայն ընտրական յաղթանակ եղաւ ԱՔ կուսակցութեան համար, այլ նաեւ՝ յաւելեալ քաղաքական իրաւասութիւններ շնորհեց յատկապէս հանրապետութեան նախագահին: Արաբ վերլուծաբանը նաեւ նկատել կու տար, որ այս ընտրութիւնները ճանապարհ կը բանային Թուրքիոյ ժողովուրդին էութենական հարցադրումներ ընելու եւ կողմնորոշ-ւելու իր ապագային առընթեր: Հարպ նաեւ ըսած է, որ Էրտողան բացայայտ կերպով քուէներ խնդրած է Թուրքիոյ ժողովուրդէն՝ անոր դիմաց խոստանալով երկրին վերադարձնել իր անդորրն ու կայունութիւնը։ «Տուէք ինծի ձեր քուէները եւ ես պատրաստ եմ անդորրն ու անվտանգութիւնը ամրապնդել», ըսած է Էրտողան: Վերլուծաբանը նաեւ նկատել տուած է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները աննախատեսելի էին ո՛չ միայն Թուրքիոյ ընդդիմադիր ճակատներուն համար, այլ՝ նոյնպէս Էրտողանի համակիր եղող վերլուծաբաններուն մօտ: Ան մէջբերելով ընդդիմադիր «Այտընլըք» պարբերականի մէկ զգայցունց վերտառութիւնը, ուր գրուած էր. «Սուլթանութեան անկումի օր»ը, նաեւ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ տարբեր հատ-ւածներուն մօտ ընտրութիւններէն առաջ տիրող անորոշ մթնոլորտը աննախադէպ էր եւ իր տարողականութեամբ աւելի շեշտուած քան 1997 թուականը, երբ վարչապետ Նեճմետտին Էրպաքանի կառավարութեան դէմ «սպիտակ յեղափոխութիւն մը» իրականացուեցաւ:
Խալիլ Հարպ իր յօդուածի աւարտին մանրամասն թիւեր ներկայացնելով կու տայ քուէներու ընդհանուր պատկերը՝ դիտել տալով, որ ԱՔ կուսակցութիւնը յաջողած է իր սնտուկները իջեցնել ՀՏՓ-ի եւ առաւելապէս ՄՀՓ-ի քուէները: Արաբ վերլուծաբանը կարեւորելով ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական եւ ուժեղ կառավարութիւն մը կազմելու այսօրուան հնարաւորութիւնը՝ հարց տուած է, թէ արդեօք Էրտողան պիտի յաջողի՞ երկրին մէջ տիրող բաժանումի մթմոլորտը վերացնել եւ այդպէսով դուրս հանել Թուրքիան «շիշի մը մէջ բանտարկուած» իրավիճակէն:
Իր կարգին, Լոնտոն հրատարակուող «Ալ Հայաթ» պարբերականի Անգարայի թղթակից Եուսուֆ Ալ Շարիֆ կարճ յօդուած մը ստորագրելով կը գրէ, թէ իշխող ԱՔ կուսակցութիւնը եւ յատկապէս Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանը 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններով յաջողեցան իրենց ուղղուած 7 Յունիսի արդիւնքներու «ապտակ»էն ուշքի գալ եւ վերադիրքաւորուիլ ու դառնալ աւելի ուժեղ, քան ինչ որ էին Յունիսի ընտրութիւններէն առաջ: Լրագրողը նաեւ նկատել տուած է, որ թուրք ընտրողը այս ընտրութիւններով իր ձեւով «պատժեց» Թուրքիոյ ազգայնականները եւ ուժեղ հարուած մը տուաւ անոնց: Ըստ Ալ Շարիֆի, այս ընտրութիւնները ո՛չ միայն ԱՔ կուսակցութեան յաղթանակը կը համարուին, այլ մասնաւորապէս Տեւլէթ Պահչելիի գլխաւորած ՄՀՓ-ին պարտութիւնը: «Ալ Հայաթ»ի լրագրողը իր յօդուածի աւարտին հարցում մը ուղղելով բարձրաձայնած է այն մասին, թէ արդեօք այս ընտրութիւններէն ետք նոր տագնապ մը պիտի յառաջանա՞յ երկրի Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի միջեւ, նշելով նաեւ, որ Թուրքիոյ վարչապետը այս ընտրութիւններուն գրանցուած յաղթանակը կը վերագրէ իր տարած եւ հովանաւորած ընդնահուր աշխատանքներուն, մինչ Էրտողան եւս կը հաւատայ, թէ յաղթանակը նախ եւ առաջ կը պատկանի իրեն:
Բաց աստի, «Ալ Հայաթ»ի նախկին խմբագիր Ժիհատ Ալ Խազէն «Էրտողան յաղթեց ընտրութիւններուն, բայց ոչ խաղաղութեան» խորագրեալ յօդուածով եւ ներկայացնելով ընդհանուր իրավիճակը՝ խոր մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ արեւմտեան գաւառներուն մէջ եղած արիւնահեղութեան համար: Խազէմ, որ չէ թաքցուցած իր հիացմունքը Թուրքիոյ գործող վարչապետին եւ նախագահին հասցէին՝ յայտնած է, թէ անոնք մեծ սխալներ թոյլ տուին մասնաւորապէս եգիպտական թղթածրարին առընթեր: Խազէն գրած է, թէ Թուրքիոյ համար այսօր ամենէն առաջնային խնդիրը քրդական հարցն է եւ հարց տալով ընդգծած է, թէ արդեօք իշխող կուսակցութիւնը եւ մասնաւորապէս երկրի նախագահը պիտի կարողանա՞ն քիւրտերուն հետ լեզու գտնել: Ան նաեւ կարեւորած է ընկերային եւ տնտեսական այն ձեռքբերումները, որոնք իրագործուեցան այս իշխանութիւններուն ձեռամբ: Խազէն իր յօդ-ւածը կ՚աւարտէ նշելով, թէ Թուրքիոյ նախագահը այս ընտրութիւնները յաջողեցաւ յաղթանակով պսակել ու հարց տալով, թէ արդեօք ան պիտի կարողանա՞յ «նուաճել» խաղաղութիւնը:
Միւս կողմէ, «Շարըք Ալ Աուսաթ» թերթի վերլուծաբան Սաէր Ապպաս «Թուրքերը վերադարձան ԱՔ կուսակցութեան գիրկը» խորագրեալ յօդուածով մը նկատել տուած է, թէ երկրին մէջ տեղի ունեցած զինուորական թէժ գործողութիւնները պատճառ հանդիսացան, որ Թուրքիոյ հասարակութիւնը իր ուժերը լարէ եւ իր քուէները տայ իշխող կուսակցութեան: Ըստ Ապպասի, այդպէսով թուրք հասարակութիւնը իր վստահութիւնը վաւերաթուղթի վերածելով տուած եղաւ ոչ միայն Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին եւ անոր վարչախումբին, այլ «յայտարարեց», որ իրեն համար ամենէն կարեւորն ու հիմնականը երկրին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան վերականգնումն ու պահպանումն են: «Շարք Ալ Աուսաթ»ի վերլուծաբանը շեշտած է նաեւ, թէ 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն կարեւոր է նկատել, որ թուրք ազգայնական ՄՀՓ-ի օգտին քուէարկողներու կարեւոր մէկ տոկոսը իր քուէները նետած է ԱՔ կուսակցութեան, այդ մէկը վերագրելով կուսակցութիւնէն ներս առկայ երեւելի տարաձայնութիւնները եւ պառակտումը, նշելով նաեւ, որ ՄՀՓ-ի շարքերէն ներս այդ իրավիճակը կրնայ աւելիով շեշտուիլ ընտրութիւններէն ետք:
Թուրքիոյ ընտրութիւններուն առումով արաբական մամուլին ընդհանուր կարծիքը գրի առնելէ ետք պարզ է, որ տարբեր առումներով արաբներուն մօտ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առընթեր տարբեր հարցադրումներ կան: Անվստահութիւն բառը պիտի չգործածեմ, որովհետեւ մեծաւ մասամբ սիւննի աշխարհին խօսնակ հանդիսացող օրաթերթերուն մէջ կայ զգոյշ վերաբերում մը եւ այդ վերաբերմունքը բնականաբար գետին շահած է Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան Սուրիոյ տագնապին առընթեր եւ Նախագահ Պեշար Էսատին դէմ ունեցած բացայայտ ժխտական կեցուածքով: Էսատի դէմ իրենց կեցուածքով Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը կը շարունակեն մնալ իրենց կարծրութեան վրայ: Շիիները եւս զգոյշ են քրդական թէզին ամրապնդման դիմաց: Քրդական նոր իրավիճակի մը երեւումը տանելի չէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ՝ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Իրանի համար:
Այս փաստագրումներէն անդին երթալով կարելի է ըսել, որ արաբական աշխարհին ու մասնաւորապէս սիւննի աշխարհին համար Էրտողան պիտի շարունակէ մնալ վստահելի եւ հիմնարար ուժ մը, որուն կարելի է յենուլ մասնաւորապէս զինուորական հաւանական միջատմութիւններու կամ օժանդակութիւններու համար:
Արաբական աշխարհին համար Էրտողանի աստղը պիտի փայլի այնքան ժամանակ, երբ անոր խօսած լեզուին նրբերանքներուն մէջ կայ իսլամական շեշտադրումով մը խօսելու եւ համաիսլամական արժէքներով իշխելու եւ գործելու եղանակները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան