ՀԱԿԱՀԱՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ դէ­պի Թիֆ­լիզ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ հա­մայն Վրաց Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիարք Ի­լիա Բ.-ի կող­մէ։ Հա­յաս­տա­նեան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ի­լիա Բ. այս առ­թիւ հան­դէս ե­կած է քօ­ղար­կուած հա­կա­հայ­կա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։

«News.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ վրա­ցա­կան ե­պիս­կո­պո­սի մը սպա­սա­ւո­րու­թեան եւ Տա­ւիտ Կա­րէ­ճի վա­նա­կան հա­մա­լի­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Վրաց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը նշեց, որ Վրաս­տա­նի մէջ ա­ւե­լի քան 300 մզկիթ գո­յու­թիւն ու­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ալ հա­ւա­նա­բար, քրիս­տո­նեա­նե­րը պէտք է նոյն վի­ճա­կին մէջ գտնուին։

Վրաց Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան, ըստ յի­շեալ աղ­բիւ­րին, Ի­լիա Բ.-ի վի­ճա­յա­րոյց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ե­ղած են ըստ հե­տե­ւեա­լի.

«Ի հար­կէ, կան հար­ցեր, ո­րոնց լու­ծու­մը անհ­րա­ժեշտ է. օ­րի­նակ՝ Ռուս Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցին ու­նի իր ե­պիս­կո­պո­սը, ցան­կա­լի է, որ Վրաս­տանն ալ ու­նե­նայ ե­պիս­կո­պոս մը։ Մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին Սա­կա­րե­ճո­յի վա­նա­կան հա­մա­լի­րը, Տա­ւիտ Կա­րէ­ճի վա­նա­կան հա­մա­լի­րը։ Ե­րեք վան­քեր կը գտնուին Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քէն ներս։ Այդ հար­ցը կրնայ յե­տոյ լու­ծուիլ։ Մենք ա­մէն ինչ կ՚ը­նենք, որ­պէս­զի Կով­կա­սի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն ըլ­լայ, բայց միշտ չէ որ այդ­պէս կ՚ըլ­լայ։ Մենք ան­հանգս­տա­ցած ենք, որ խախ­տուած է Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Մենք յոյս ու­նինք, որ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի վե­րա­կանգ­նուի»։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015