ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏՔԹ. ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ-ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՊԵՐՃ ԵՒ ՎԵՐԱ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ ԿՈՂՄԷ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան վերջերս այցելեց Նիւ Եորք, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ իր կողակցին՝ Վերա Սեդրակեանի կողմէ։ Նիւ Ճըրզիի ճաշարաններէն մէկուն երդիքին տակ Սեդրակեան ամոլը ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Տքթ. Արմէն Տէր-Կիւրեղեանին։ Ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամները, զանազան ենթաբաժանմունքներէն դէմքեր, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի վարչայիններ ու շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի շրջակայքէն ամերիկահայ գործիչներ։
Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պերճ Սեդրակեան, որ ըսաւ, թէ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը եւ այս վերջինը իր կտրուածքով կ՚ապահովէ, որպէսզի երկիրը առարկայ դառնայ հետաքրքրութեան։ Ըստ իրեն, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը յետսովետական շրջանի կառոյց մըն է, որ բարձրացուցած է Հայաստանի ձգողականութիւնը։ Այս բոլորին լոյսին տակ Սեդրակեան ընդգծեց, թէ բարձրագոյն ուսման այդ հաստատութիւնը կը զգայ իրենց շարունակական զօրակցութեան կարիքը։
Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան, որ ըսաւ, թէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն 90 տոկոսը թէեւ Հայաստանի քաղաքացիներ են, սակայն այնտեղ քսան տարբեր երկիրնկերէ երիտասարդներ կը ստանան բարձրագոյն ուսում։ Ըստ իրեն, նախկին սովետական հանրապետութիւններու շարքին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը միակն է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ հաւատարմագրուած է ու կը համարուի վաւերական։ Տէր-Կիւրեղեան, որ համալսարանի հիմնադիրներէն մին է, խօսեցաւ նաեւ հաստատութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։
Նոյն հաւաքոյթին ընթացքին արտայայտուեցան նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի զարգացման ու արտաքին յարաբերութիւններու գծով փոխ-նախագահ Լորէն Ալեքսանտր եւ նոյն համալսարանի Տնօրէններու խորհուրդի ատենապետ Տքթ. Լերի Փից։