ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով այս Եր­կու­շաբ­թի աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան եւ Լաւ­րով Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րեն հայ-ռու­սա­կան բազ­մա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րուն շուրջ, նաեւ կը սար­քեն հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Ե­րե­ւա­նի շփում­նե­րուն շրագ­ծով Սէր­կէյ Լաւ­րով կը հիւ­րըն­կա­լուի նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

Դէ­պի Ե­րե­ւան ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Սէր­կէյ Լաւ­րով հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լուի հետ։ Ռու­սա­կան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ եր­կու նա­խա­րար­նե­րուն հե­ռա­ձայ­նա­յին տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է թրքա­կան կող­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Սի­նիր­լիօղ­լու եւ Լաւ­րով այս առ­թիւ քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դար­ձան յա­ռա­ջի­կայ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին, հա­շուի առ­նե­լով այն ջան­քե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծադ­րուին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Հարկ է նշել, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ Թուր­քիա պի­տի այ­ցե­լէ՝ «G-20»ի Ան­թա­լիոյ մէջ կա­յա­նա­լիք գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շար­ժա­ռի­թով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015