ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Էն­թը­նի Պլին­քէ­նի հետ։ Ծա­նօթ է, որ Նալ­պան­տեան աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Փա­րիզ՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի  38-րդ նս­տաշր­ջա­նին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Նալ­պան­տեան-Պլին­քէն հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին եր­կուս­տեք գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ հայ-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Կող­մե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին այս տա­րե­մու­տին ու­ժի մէջ մտած մուտ­քի ար­տօ­նագ­րա­յին դրու­թեան դիւ­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը նոյն­պէս կա­րե­ւո­րե­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ան­ցեալ Մա­յի­սին ստո­րագ­րուած Ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Էն­թը­նի Պլին­քէն անդ­րա­դար­ձան հայ-ա­մե­րի­կեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն։ Կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան յա­ռա­ջի­կա­յին նա­խա­տե­սուած Հա­յաս­տան-ԱՄՆ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին եւ Ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու հայ-ա­մե­րի­կեան խոր­հուր­դի անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս Ե­րե­ւա­նի եւ Մոս­կուա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Էն­թը­նի Պլին­քէն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին, ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի նոր նստաշր­ջա­նի բաց­ման շրջա­նակ­նե­րէն ներս կա­զա­մա­կեր­պուած ու խա­ղա­ղու­թեան նուի­րուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին կող­մէ բե­րուած մաս­նակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի կող­մէ խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն բե­րուած աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Էն­թը­նի Պլին­քէն կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով շարք մը հար­ցե­րու։

Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ կա­տա­րուած հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն եւ այդ կա­պակ­ցու­թեամբ միջ­նորդ­նե­րուն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած ան­հաս­ցէ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ «Օր մը ի հար­կէ պի­տի գայ այն պա­հը, երբ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ թի­րա­խա­ւո­րուած գնա­հա­տա­կան պի­տի ըլ­լայ», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ։ Օ­հա­նեան մատ­նան­շեց, թէ ի­րենք կը ձգտին խա­ղա­ղու­թեան պայ­ման­նե­րը պահ­պա­նել, բազ­միցս նոյ­նիսկ միա­կող­մա­նի վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի դրու­թիւն­նե­րու մշակ­ման ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք­ներ տա­րած են։ «Չկրա­կել, չպա­տաս­խա­նել, միա­կող­մա­նի հե­տաքն­նու­թիւն­ներ կը կա­տա­րենք, բայց տայ Աս­տուած՝ գայ այն պա­հը, երբ վստա­հու­թեան դրու­թիւն­նե­րը ձե­ւա­ւո­րուին երկ­խօ­սու­թեան եւ փո­խա­դարձ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան շնոր­հիւ», ա­ւել­ցուց Օ­հա­նեան։

Միւս կող­մէ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճան նպա­տակ կը հե­տապն­դէ ար­դա­րաց­նել հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան մեր­ժու­մը։ Նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ա­նի Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի նպա­տակն է խա­թա­րել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու խա­ղա­ղա­րար նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015