ՖԵՏԵՐԻՔԱ ՄՈԿԵՐԻՆԻԻ ՇՐՋԱՅՑԸ
Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Ուքրայնա եւ Վրաստան։ Նոյեմբերի 9-ին ան շփումներ պիտի ունենայ Քիեւի մէջ, ուր պիտի տեսակցի Ուքրայնոյ Նախագահ Փիոթըր Փրոշենքոյի, Վարչապետ Արսենի Եացենեուքի եւ Արտաքին գործոց նախարար Փաւէլ Քլիմքինի հետ։ Նոյեմբերի 10-ին ան պիտի անցնի Թիֆլիզ, ուր պիտի տեսակցի Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Ուսուպաշվիլիի, Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Կէորկի Քվիլիքաշվիլիի հետ։
Եւրոմիութեան պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Մոկերինիի այցելութիւնը կ՚իրականացուի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս։