ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԸ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ։ Վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին կո­չուե­լէ վերջ սա իր ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւնն էր դէ­պի Ար­ցախ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ եւ ու­նե­ցաւ բազ­մաբ­նոյթ շփում­ներ։ Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րուն հետ մէկ­տե­ղուե­լու ա­ռըն­թեր ան տե­սակ­ցե­ցաւ խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նաեւ այ­ցե­լեց զօ­րա­մա­սեր։

Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նը պար­գե­ւատ­րեց «Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նով։

Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մըն ալ սար­քեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016