ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Փրոֆ. Ա­շոտ Մել­քո­նեան, որ հիւ­րա­բար կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ, շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կեց իր հան­դի­պում­նե­րը հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ, նաեւ այ­ցե­լեց պատ­մամշա­կու­թա­յին տե­սար­ժան վայ­րեր։ Ա­շոտ-Լու­սի­նէ Մել­քո­նեան ա­մո­լը շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեա­նի կող­մէ։ Նկա­տե­լով, որ Ար­սէն Ա­ւա­գեանն ալ մաս­նա­գի­տու­թեամբ պատ­մա­բան մըն է՝ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան երդիքին տակ Ա­շոտ Մել­քո­նեա­նի հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը վե­րա­ծուե­ցաւ եր­կու մաս­նա­գէտ­նե­րու հան­դիպ­ման։ Ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս բաժ­նե­ցին ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ պոլ­սա­հայ հա­մայն­քին ու մա­նա­ւանդ մշա­կու­թա­յին կեան­քին շուրջ։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ ու­սուց­չու­հի ու պատ­մա­բան Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու, ո­րու գրքի շնոր­հան­դէ­սին առ­թիւ Ա­շոտ Մել­քո­նեան փու­թա­ցած է Իս­թան­պուլ։ Արմա­ւե­նի Մի­րօղ­լու, որ կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ, Ա­շոտ Մելքո­նեա­նին ծա­նօ­թա­ցուց իր այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնց ծնող­նե­րը Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով հաս­տա­տուած են քա­ղաքս։ Ա­շոտ Մել­քո­նեան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ զրու­ցեց ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ եւ ա­նոնց յոր­դո­րեց, որ­պէս­զի բծախնդ­րութեամբ յա­ռաջ տա­նին ի­րենց ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը։

Գում­գա­բուի Դրսի ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ Մել­քո­նեան­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցե­ցան Սե­բաս­տա­հա­յոց հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան կող­մէ կազ­մակեր­պուած ընթ­րի­քին։ Ե­րէկ, ա­նոնք ներ­կայ գտնուե­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ի­րենց այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն ա­նոնք թէ­կուզ կարճ, սա­կայն Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի մթնո­լորտն ալ շնչե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­ցած էին ե­րէ­կուան մաս­նակ­ցու­թեամբ ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը դար­ձան ա­ռա­ւել ամ­բող­ջա­կան։

Այս ա­ռա­ւօտ, Ա­շոտ Մել­քո­նեան այ­ցե­լեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը, իսկ ա­ւե­լի վերջ քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պատ­րիար­քա­րա­ն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016