ՆՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՁԳՏՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի շա­բա­թա­վեր­ջին կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշրջա­նա­յին ար­դի խնդիր­նե­րու շուրջ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հա­յաս­տան-Վրաս­տան սահ­մա­նի Բագ­րա­տա­շէ­նի նո­րա­կա­ռոյց անց­ման կէ­տի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ «Բա­րե­կա­մու­թեան կա­մուր­ջի» կա­ռուց­ման նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար Սարգ­սեան եւ Քվիրի­քաշ­վի­լի մէկ­տե­ղուե­ցան սահ­մա­նին վրայ։ Վրաս­տա­նի վար­չա­պե­տին այս առ­թիւ Հա­յաս­տան տուած այ­ցը ա­ռիթ ըն­ձե­ռեց, որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լէ վերջ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ու­նե­նան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով Քվիրի­քաշ­վի­լին՝ Սերժ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց բարձր մա­կար­դա­կի կա­նո­նա­ւոր շփում­նե­րը, ո­րոնք կը նպաստեն երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռեն ջերմ ու շի­նիչ մթնո­լոր­տի մը մէջ քննար­կե­լու երկ­կող­մա­նի օրա­կար­գի այն հար­ցե­րը, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն փոխա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան զրոյ­ցի սկիզ­բին շնոր­հա­ւո­րեց Քվիրի­քաշ­վի­լին ու Վրաս­տա­նի բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը՝ խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­յա­ջող ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ «Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք» կու­սակ­ցու­թեան հա­մո­զիչ յաղ­թա­նա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Սերժ Սարգ­սեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ Վրաս­տա­նի նոր խորհր­դա­րանն ու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պի­տի շա­րու­նա­կեն բա­րե­փո­խում­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ի նպաստ Վրաս­տա­նի հե­տա­գայ զար­գաց­ման եւ բար­գա­ւաճ­ման, ինչ­պէս նաեւ հայ-վրա­ցա­կան բա­րիդ­րա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել ամ­րապնդ­ման։

Զրու­ցա­կից­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ նշե­ցին, որ բա­րե­կամ ու հարե­ւան եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը զար­գաց­նեն քա­ղա­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, կ՚աշ­խու­ժաց­նեն միջ­պե­տա­կան շփում­նե­րը՝ այդ­պէ­սով ա­մուր հիմք ստեղ­ծե­լով երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ո­րա­կա­պէս նոր մա­կար­դա­կի մը բարձ­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Կող­մե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն շուրջ, կանգ առ­նե­լով փո­խադ­րու­թեան, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի, զբօ­սաշր­ջու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան այլ շարք մը ո­լորտ­նե­րու վրայ։

Քվիրի­քաշ­վի­լի ար­տա­յայ­տեց իր շնոր­հա­ւո­րու­թիւ­նը՝ նո­րա­կա­ռոյց սահ­մա­նա­յին անց­ման կէ­տի բաց­ման կապակ­ցու­թեամբ։ Մատ­նան­շե­լով կա­տա­րուած զգա­լի աշ­խա­տան­քը՝ Քվի­րի­քաշ­վի­լի կա­րե­ւո­րեց են­թա­կա­ռուցուածք­նե­րու ար­դիա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ իրա­կա­նա­ցուած քայ­լե­րը։ Ան հա­մո­զուած է, որ սա պի­տի նպաս­տէ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման, ինչ­պէս նաեւ հայ-վրա­ցա­կան ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016