ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ…

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ ճիշդ չի համարեր Իրանի դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած բռնամիջոցները։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ տեսակէտը այն է, որ այդ բռնամիջոցները ուղղուած են աշխարհի հաւասարակշռութիւնները խանգարելու։

Նախագահ Էրտողան երէկ Ազգային մեծ ժողովէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ժամանակ։ Իր ծաւալուն խօսքին ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի զանազան խնդիրներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ այս նիւթը ներկայիս առաջնահերթօրէն կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը։

Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովէն վերջ ալ Էրտողան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան լրագրողի մը հարցման պատասխանելով յայտնեց, որ Իրանի դէմ սահմանուած  պատժամիջոցներու պարագային տակաւին ամէն ինչ յստակ չէ։ «Բայց եւ այնպէս, մենք այդ պատժամիջոցները ճիշդ չենք նկատեր։ Մեր համոզմամբ՝ ամբողջ պատժամիջոցները աշխարհի հաւասարակշռութիւնը խանգարելու ուղղեալ քայլեր կը համարուին։ Այս բոլորը խոտոր կը համեմատին թէ՛ միջազգային իրաւունքին եւ թէ դիւանագիտութեան։ Աշխարհ այլեւս կը ձգտի խաղաղութեան ուղղեալ գործընթացներ ապրիլ։ Այսինքն, չենք ուզեր ծաւալապաշտ աշխարհի մը մէջ ապրիլ, չենք ուզեր ապրիլ ծաւալապաշտ ճնշումներով։ Մենք կ՚ուզենք այնպիսի աշխարհ մը, ուր մարդիկ այս բոլորին կապակցութեամբ շատ աւելի անդորրութեան, ապահովութեան եւ խաղաղութեան մէջ պիտի ապրին», ըսաւ Էրտողան։

Նոյն հարցին կապակցութեամբ նախագահը յիշեցուց, որ Եւրոմիութիւնն ու անոր անդամ երկիրներուն գրեթէ բոլորը հաշտ աչքով չեն դիտեր այդ պատժամիջոցները։ Բոլորն ալ այս նիւթի պարագային ունին տարբեր դիրքորոշումներ։

Յառաջիկայ օրերուն Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ գագաթաժողով մը։ Էրտողանն ալ պիտի մասնակցի այդ յոբելենական հաւաքին եւ երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ Փարիզի գագաթաժողովին ժամանակ այս ամբողջ խնդիրները քննարկելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ օրերուն Փարիզի մէջ նախատեսուած է նաեւ Էրտողանի տեսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Միւս կողմէ, երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի կողմէ Թեհրանի դէմ սահմանուած ծանր պատժամիջոցներուն։ Ռուս նախարարը յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները օրինական չեն։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով այդ պատժամիջոցները որակեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներուն դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն։ Իր խօսքով՝ հակառակ պատժամիջոցներուն, Իրանի հետ տնտեսական համագործակցութեան համար կարելի է գտնել ճանապարհներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018