ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ համասեռականութեան դէմ ցոյց մը։ Այս ցոյցը կազմակերպուած էր բողոքելու համար համասեռամոլներու այն ֆորումին դէմ, որու կազմակերպումը յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է Հայաստանի մէջ։ Ցուցարարներու կարգին կը գտնուէին նաեւ շարք մը հոգեւոր հայրեր։ Ցոյցի մասնակիցները կը կրէին պաստառներ, որոնց վրայ տեղ գտած էին զանազան լոզունգներ, ի պաշտպանութիւն ազգային արժէքներու։ Ցուցարարները իրենց ընդվզումը յայտնեցին՝ Հայաստանի մէջ համասեռամոլութեան եւ այդ ճանապարհով այլասերման քարոզչութեան դէմ։ Զանազան ատենախօսներ, աշխարհական կամ հոգեւորական, ցոյցի ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով։ Ինչպէս ծանօթ է, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ արձագանգած էր Հայաստանի մէջ նախատեսուած համասեռամոլներու այս ֆորումին։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վերջին օրերու նստաշրջանին ժամանակ համապատասխան յայտարարութիւն մը կատարուած էր այս խնդրին առընչութեամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018