ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Նոյեմբերի 22-24 թուականներուն միջեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ցուցասրահին եւ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գիրքի երեւանեան երրորդ փառատօնը։

Այս տարի տօնավաճառ-ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին 33 հրատարակչութիւն, գրախանութ եւ կազմակերպութիւն, որոնք այցելուներուն համար պիտի ընեն մինչեւ  40 առ հարիւր զեղչ:

 Կը նախատեսուին աւելի քան 15 նոր գիրքերու եւ նախագիծերու շնորհանդէսներ, վերապետութեան դասեր՝ նկարազարդողներու, առեւտուրի, վաճառքի մասնագէտներու համար, բանախօսութիւններ՝ գրողներու եւ գրականութեան ոլորտի այլ ներկայացուցիչներու ու ընթերցողներու համար (նոր ու յաջողակ հրատարակչութիւն հիմնելու, արտերկրի մէջ հրատարակուելու հնարաւորութիւններու, մանկական գրականութեան արդի խնդիրներուն եւ այլ նիւթերու շուրջ): Տեղի պիտի ունենան քննարկումներ՝ գրականութեան եւ շարժանկարի, երաժշտութեան ու բանաստեղծութեան մասին, պիտի ըլլան ընթերցումներ:

 Փառատօնի ընթացքին յայտնի կը դառնայ գրական մրցոյթի «Պոէզիա», «Արձակ» եւ «Դրամատուրգիա» անուանակարգերու յաղթողները:

Գիրքի երեւանեան փառատօնին մուտքը ազատ է:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2019