ՆԵՐԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս հետզհետէ աւելի անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։ 1-8 նոյեմբեր 2020 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի գումարուի Ազգային-եկեղեցական ժողովը (ԱԵԺ), որու կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ կը տարուին մասնաւոր յանձնախումբի մը կողմէ։ Այդ յանձնախումբին գլուխը կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։
Վերջերս գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովներուն ընթացքին ալ այս խնդիրը օրակարգի վրայ էր։ ԱԵԺ-ի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան հանդէս եկաւ զեկուցումով մը։ Նստաշրջանի ընթացքին տեղեկացուեցաւ ԱԵԺ-ի պատգամաւորներու ընտրութեան, նուիրապետական աթոռներէն, թեմերէն ու հայրապետական պատուիրակութիւններէն անհրաժեշտ տուեալներու հաւաքագրման եւ ժողովի օրակարգային հարցերու նախապատրաստման շուրջ կազմակերպիչ յանձնախումբի կատարած աշխատանքը։ Նշուեցաւ, որ ԱԵԺ-ի օրակարգի նիւթերու ձեւաւորման համար ստեղծուած են եօթ յանձնախումբեր, որոնք միջոցէ մը ի վեր կանոնաւորապէս կը գործեն ու կը կատարեն իրենց առաջադրանքները։
«Հայ Եկեղեցին 21-րդ դարուն. ներկան եւ ապագան» խորագրի ներքեւ պիտի գումարուի Ազգային-եկեղեցական ժողովը։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ժամանակ ԱԵԺ-ի օրակարգի կանոնադրական նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին շուրջ զեկուցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջանորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ ատենապետն է Կոնադրութիւններու մշակման յանձախումբին։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ժամանակ ժողովականները լսեցին ԱԵԺ-ի օրակարգային նիւթերու նախապատրաստման նպատակով ստեղծուած եօթ յանձնախումբերու զեկոյցները։ Կատար-ւած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Թեմական եւ ծխական կեանքի կազմակերպման յանձնախումբի համաատենապետ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական առաքելութեան յանձնախումբի ատենապետ Տ. Աբրահամ Արք. Մկրտչեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան գործին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան յանձնախումբի ատենապետ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, Քրիստոնէական արժէհամակարգին նետուած մարտահրաւէրներու յանձնախումբի ատենապետ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, Հոգեւորականաց պատրաստութեան յանձնախումբի ատենապետ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ելմտատնտեսական վիճակի բարելաւման յանձնախումբի ատենապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի ատենապետ Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան։
ԳՀԽ քննարկեց փոխանցուած բացատրութինները եւ իր դիտարկումները յանձնեց վերոյիշեալ յանձնախումբերու նկատառման։ Ժողովականները գնահատանք յայտնեցին կատարուած լայնածաւալ աշխատանքին համար ու թելադրեցին հետեւողական կերպով շարունակել անհրաժեշտ փաստաթուղթերու մշակումը։