ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՏԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԿԻԶՈՒԻՆ ԱՆԽՆԱՅԱԲԱՐ

Արցախի եւ Հայաստանի տարածքէն ներս պատերազմի այս շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ հրկիզուած է աւելի քան 2 հազար հեքթար անտառածածկ տարածք։ Բնապահպանական եւ կենսաբազմազանութեան ոչնչացման լուրջ սպառնալիք մըն է այս մէկը։ Երէկ՝ նոյեմբերի 6-ը, ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած «Պատերազմներու եւ զինեալ բախումներու մէջ շրջակայ միջավայրի շահագործումը կանխելու» միջազգային օրն էր։ Այս առթիւ Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տուեալներ, թէ ինչպէս պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճան ուղղակիօրէն կ՚ոչնչացնէ բնութիւնը։ Ատրպէյճանի բանակը անտառային հրդեհները կ՚օգտագործէ՝ որպէս մարտավարական խնդիրներ լուծելու միջոց։ Նախարարութիւնը մի առ մի թուարկած է վնասուած համապատասխան հատուածները։

«Հայաստանի անտառներ» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէնուհի, բնապահպան-իրաւաբան Նազելի Վարդանեանն ալ յայտարարութիւններ ըրաւ նոյն հարցին շուրջ՝ ընդգծելով նաեւ սպիտակ ֆոսֆորով ռումբերու օգտագործման հարցը։ Ըստ իրեն, սպիտակ ֆոսֆորը բնութեան մէջ չի լուծուիր եւ հարիւրամեակներ պէտք են, որպէսզի ամբողջովին մաքրուի անոր ազդեցութիւնը։ Բնապահպանը ընդգծեց, որ նման զէնքի օգտագործումը կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան բնութիւնը բնաջնջելու նպատակ ունի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2020