ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Մոսկուայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերաբերեալ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել։ Երէկ, նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Հարկ է նշել, որ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի վերջին բոլոր ժողովներուն ժամանակ միշտ օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով նիստէն վերջ ըսաւ. «Շարունակուեցան կարծիքի փոխանակումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն շուրջ»։ Բանբերը դռնփակ ժողովէն յետոյ այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց։

Մոսկուայի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր վերջին օրերուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ, ընդգծեալ ձեւով անհանգստութիւն կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս Մերձաւոր Արեւելքէ վարձկան ահաբեկիչներու գոյութեան բերումով։ Անոնք ներգրաւուած են Ատրպէյճանի զօրքերու շարքերուն, ինչ որ վերահաստատուած է ռուսական աղբիւրներուն կողմէ։

Այս տեսանկիւնէն երէկ հետաքրքրական տուեալներ հաղորդուեցան նաեւ Մարդու իրաւանց մշտադիտարկման սուրիական կեդրոնին (SOHR) կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս վերջնոյն կեդրոնը կը գտնուի Լոնտոնի մէջ։ Ըստ այս կեդրոնին կողմէ հրապարակուած տուեալներուն, Սուրիայէն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի ուղարկուած զինեալներէն ցարդ 250-ը սպաննուած են։ Այդ զինեալները, որոնք կը պատկանին սիւննի դաւանանքի, կը հրաժարին շիի ատրպէյճանցիներու կողքին կռուելէ։ Ներկայ պայմաններով, նոր վարձկաններու հաւաքագրման ուղղութեամբ խնդիրներ յառաջացած են։ Անոնք թէ՛ մարդկային կորուստներու եւ թէ դաւանանքի տարբերութեան գործօնով պայմանաւորուած հանգամանքներով՝ կը հրաժարին կռուիլ Ատրպէյճանի բանակի կողքին։ Ըստ նոյն աղբիւրին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի ուղարկուած զինեալներու ընդհանուր թիւը առնուազն 2580 է։ Անոնցմէ 342-ը վերադարձած է Սուրիա։ Մահացածներու թիւն ալ 250 է։

Երէկ, Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինն ալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ՝ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու ժողովին ժամանակ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը այն գործօններու շարքին է, որոնք ԱՊՀ-ի տարածքէն ներս ազդեցութիւն կը գործեն տնտեսութեան աշխուժութեան վրայ։ Նոյն ժողովի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, որ յայտնեց, թէ Ատրպէյճան կը դառնայ ահաբեկիչներու եւ անոնց գաղափարախօսութեան՝ դէպի ԱՊՀ-ի տարածք ներթափանցման հարթակ մը։ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչն ալ մասնակցած է այս ժողովին՝ ներկայացնելով Պաքուի մօտեցումներն ու տեսակէտները։ Ատրպէյճան այս նիստէն վերջ արդէն յայտարարած է, որ ԱՊՀ-ի հարթակը միայն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումէն վերջ կրնայ գործել արդիւնաւէտութեամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2020