ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Սահմռկեցուցիչ դրուագները իրարու կը յաջորդեն Արցախէն, ուր խաթարուած խաղաղութիւնը կը զուգորդուի ծանրածանր հետեւանքներով։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը միշտ կ՚ունենայ ողբերգական դրսեւորումներ, որոնք դժբախտաբար շուրջ քառասուն օրէ ի վեր դարձած են հերթական, ընթացիկ։ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով ահազանգ հնչեցուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը կը շարունակուի՝ հակառակ Ժընեւի մէջ շուրջ շաբաթ մը առաջ գոյացած յաւելեալ պայմանաւորուածութիւններուն։
Առկայ ցաւալի իրավիճակին մէջ երէկուան լրահոսին վրայ լայն արձագանգ գտան շարք մը սահմռկեցուցիչ դրուագներ, որոնք կը ցոլացնէին Ստեփանակերտի ռմբակոծման հետեւանքով ստեղծուած աւերները ու մանաւանդ՝ փուլ եկած բնակավայրերէն մէկուն մէջ մահացած մեծ մայրն ու երկու թոռները։ Արցախի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեան երէկ տեղեկացուց նաեւ, որ այս պահուն Ատրպէյճանի զօրքերու վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս արդէն բնակիչներ կը սպաննուին։ Այս բոլոր տմարդի երեւոյթները հերթական անգամ կը յիշեցնեն, որ ռազմական գործողութիւնները պէտք է ժամ առաջ դադրին։ Արդարեւ, արիւնահեղութիւնը որքան որ երկարի, ապա այնքան դժուար պիտի ըլլայ անոնցմով պայմանաւորուած վէրքերու սպիացումը։
Հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ օրուան տեւողութեան սաստիկ բախումներ ընթացան Շուշիի մերձակայքին։ Մինչ մարտերը կը շարունակուէին, Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ օրը արդէն եղած է շատ ծանր։ Հայկական զօրքերը ամբողջ օրուայ ընթացքին մեծ դիմադրութիւն ցոյց տուած են Ատրպէյճանի բանակէն ներթափանցման փորձերու ձեռնարկած խումբերու դիմաց։
Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ երէկ երեկոյեան սարքած հերթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վերահաստատեց այդ բոլորը՝ օրը ամփոփելու ժամանակ։ Ըստ իրեն, վերջին օրերը հայոց պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուին՝ որպէս Շուշիի պաշտպանութեան փայլուն օրեր։ Արդարեւ, ծանր ու խտացեալ մարտեր ընթացած են Շուշիի շրջակայ բնակավայրերուն մէջ, դէպի Շուշի ճանապարհներուն վրայ ու Բերդաքաղաքի ամբողջ մերձակայքին։ Ատրպէյճանի հետախուզաներթափանցման առանձին մարտավարական խումբերու զինուորները, ինչպէս նաեւ անոնց աջակից վարձկաններն ու հրոսախումբերը անցած են սաստիկ յարձակման։ Տեղի ունեցած են դէմ դիմաց մարտեր։ Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, երէկ երեկոյեան ալ բախումները կը շարունակուէին, սակայն մարտերու ուժգնութիւնը զգալիօրէն թուլացած էր։ Դէպի Շուշի ճանապարհներու վրայ Ատրպէյճանի բանակի զօրախումբերը կասեցուած են Արցախի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ։ Անտառային հատուածներու, առանձին ճանապարհներու նման միջավայրերու մէջ պաշտպանութեան միացած են նաեւ շրջանի բնակիչները։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արծրուն Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ այս ամբողջին ժամանակ Ատրպէյճանի բանակը կրած է լուրջ վնասներ։
Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, ռազմաճակատի միւս ուղղութիւններու վրայ երէկուան օրը ըստ էութեան համեմատաբար աւելի տկար գործողութիւններով եզրափակուեցաւ։
Այս առաւօտ ալ հայկական աղբիւրները հաղորդումներ կատարեցին եւ վերջին լուրերը եւս վկայեցին, թէ շարունակուած են սաստիկ կռիւները Շուշիի մերձակայքին։ Այսպէս, գիշերը Ատրպէյճանի զօրքերը պարբերաբար հրթիռակոծեցին Շուշին, իսկ միւս բնակավայրերէն ներս կացութիւնը եղաւ համեմատաբար հանգիստ։ Նոյնպէս գիշերը առաւել յամառ մարտերը շարունակուեցան Շուշի-Քարին Տակ հատուածէն ներս։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հարաւ-արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ ցուցաբերած է մեծ դիմադրութիւն։ Այս ընթացքին Ատրպէյճանի բանակէն չորս անօդաչու թռչող սարք խոցուած է։
Նոյնպէս այս առաւօտ Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ ցայսօր Ատրպէյճանի բանակէն 7510 զինուոր մահացած է պատերազմի ժամանակ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պատերազմի շուրջ քառասուն օրերուն կորսնցուցած են՝ 25 ռազմաօդանաւ, 16 ուղղաթիռ, 262 անօդաչու թռչող սարք, 749 հրասայլ եւ զրահապատ ինքնաշարժ, 6 «Թոս» կայանք, եւ այլն։