ՕՔԹԱՅ. «ԹՈՒՐՔԻԱ Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԷ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ»
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարեց, որ Թուրքիա ամբողջ սրտով կ՚աջակցի Ատրպէյճանին, որ պայքար կը մղէ բռնագրաւիչ Հայաստանէն ետ վերցնելու համար իր տարածքները։ «Պիտի շարունակենք մեր ամբողջ պաշտպանական կարելիութիւնները բաժնել Ատրպէյճանի հետ՝ երբ որ ան կարիքը զգայ», ըսաւ Ֆուաթ Օքթայ։
Ըստ փոխ-նախագահին, Թուրքիա ներկայիս այնպիսի դիրքի մը հասած է, որ սեփական պաշտպանական կարիքները ազգային հնարաւորութիւններով դիմագրաւելու առընթեր, կրնայ ընդառաջել նաեւ բարեկամ ու դաշնակից երկիրներու կարիքներուն։ «Այս երեւոյթի ամենաարդիական օրինակը կը հանդիսանան մեր անօդաչու թռչող սարքերն ու հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ կ՚օգտագործուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր տարածքներուն համար ձեռնարկած արդար պայքարին մէջ», ըսաւ Ֆուաթ Օքթայ։
Մինչ այդ, թրքական զանգուածային լրատուական միջոցներն ալ կը շարունակեն արձագանգ հանդիսանալ պատերազմի իրադարձութիւններուն։ Զանազան հեռուստակայաններ երէկ շարունակեցին տեղեկացնել, որ Ատրպէյճանի բանակը ռազմաճակատի վրայ միշտ յառաջխաղացում կ՚արձանագրէ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորաբար ընդգծուեցաւ Քուպաթլուի շրջանը ու դիտել տրուեցաւ, որ հայ զինուորներ արդէն սկսած են լքել իրենց դիրքերը ու խոյս տալ՝ թողլով նաեւ զէնքերն ու ռազմամթերքը։