ԱՅՈ 77%– ՈՉ 20%
Հայաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէ։ Ծանօթ է, որ երկար ժամանակէ ի վեր այս նիւթը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէր երկրին օրակարգը։ Երէկուան քուէարկութիւնը ընդհանուր առմամբ անցաւ հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ։ Քուէարկութեան աւարտին Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան տեղեկացուց, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 50.51 տոկոսի։ Սկզբնական տուեալներով՝ սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն համար «այո» ըսած է քուէարկութեան մասնակիցներուն 77.1 տոկոսը։ «Ոչ» ըսած է մասնակիցներուն 20.1 տոկոսը։ Այսպէս Հայաստանի առջեւ կ՚ուրուագծուի կառավարման խորհրդարանական համակարգի հորիզոնը։
Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը հանրաքուէի աւարտին, երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւանի կեդրոնին մէջ կազմակերպեց բողոքի ցոյցեր։ «Նոր Հայաստան» շարժման կողմէ կազմակերպուած ցոյցերուն ընթացքին հիմնական ատենախօսներն էին «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեան եւ Ժիրայր Սեֆիլեան։ Մինչ «Նոր Հայաստան» շարժումը չ՚ընդունիր հանրաքուէի արդիւնքները, այսօր ընդդիմութիւնը արդէն հանրահաւաք մը կը կազմակերպէ Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ իր նախատեսած յառաջիկայ քայլերուն շուրջ։ Իր կարգին, ընդդիմադիր Հայ ազգային գոնկրէսի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանն ալ պնդեց, թէ ընտրակեղծիքներու ծաւալը կը հասնի կէս միլիոն ձայնի։