ԱՆԳԱՐԱ ՊԱՂԱՐԻՒՆ
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ անցեալ շաբաթավերջին Մուսուլի մէջ կատարուած կուտակումները առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն միջազգային օրակարգը՝ մանաւանդ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ մղուած միջազգային պայքարի պայմաններուն ներքեւ։ Ներկայիս Իրաքի մէջ կը գտնուի երկու հազար թուրք զինուոր։ Իրանէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն վերջ, զինուորական ներկայութեան առումով Իրաքի մէջ արդէն երրորդ երկիրը դարձած է Թուրքիան։ Թէ՛ Մուսուլի քարիւղի պաշարներով հարուստ ըլլալը եւ թէ թրքական զօրքերուն ԻՇԻՊ-էն 10 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ տեղա-կայուած ըլլալու հանգամանքը՝ այդ ներկայութեան նշանակութիւնը ա՛լ աւելի կը բարձրացնեն։ Այս մթնոլորտին մէջ Անգարա կը վարուի պաղարիւն եւ իր փոխանցած պատգամներն ալ կ՚ըլլան համապատասխան։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Իրաքէ ներս, Մուսուլի մօտակայքին Թուրքիա կ՚իրականացնէ ընթացիկ գործողութիւններ, որոնց գերագնահատումը կարելի է գնահատել որպէս խափանարարութիւն։ «Մեր զինուորները կրթութիւն տալու եւ տարածքաշրջանի պաշտպանութեան համար ընթացիկ գործունէութիւն մը կ՚իրականացնեն», ըսաւ վարչապետը, որ միեւնոյն ժամանակ նամակ մըն ալ ուղարկեց Պաղտատի ղեկավարութեան։ Արդարեւ, Իրաքի իշխանութիւնները բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուին Թուրքիոյ վերջին կուտակումներուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Ապատիին ուղարկած նամակին մէջ Տավուտօղլու շեշտեց, որ անցեալ Մարտ ամիսէն ի վեր Թուրքիա կ՚իրականացնէ կրթական ծրագիր մը ու կը պատկանի այն երկիրներու շարքին, որոնք ամենաբծախնդիրներէն են Իրաքի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Վերջին զարգացումներուն շուրջ իր պաշտօնակցին տեղեկութիւններ փոխանցելու առընթեր, Տավուտօղլու տեղեկացուց, թէ մինչեւ Իրաքի կառավարութեան զգայնութիւններուն յագեցումը՝ Թուրքիա նոր կուտակումներ պիտի չկատարէ Պաշիքայի մէջ։ Վարչապետը համոզուած է, որ պէտք չէ տեղի տալ այն լծակներուն, որոնք կ՚անհանգստանան Թուրքիա-Իրաք համագործակցութենէն ու կը փափաքին անոր ձախողումը։
Այս մթնոլորտին մէջ, Տավուտօղլու շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ՝ շօշափելով տարածքաշրջանային զանազան խնդիրներ։ Իսկ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր այսօր անակնկալ այցելութիւն մը կու տայ Իրաք։ Կը հաղորդը-ւի, որ Պաղտատի մէջ ան շփումներ կ՚ունենայ Իրաքի Նախագահ Ֆուատ Մասումի եւ վարչապետին հետ։ Թուրքիոյ վերջին կուտակումներուն դէմ բողոքի ձայն բարձրացուեցաւ նաեւ Թեհրանէն, իսկ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ զարմանալի են։
Բնականաբար, այս բոլորը կարեւոր իմաստ մը ունին տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ։ Վերջերս Անգլիոյ ռազմաօդային ուժերն ալ սկսած են ռմբակոծումներ կատարել ԻՇԻՊ-ի դէմ, սակայն միջազգային համախոհութիւնը միշտ կը վերահաստատէ, թէ մտադիր չէ ցամաքային գործողութիւններ իրականացնելու։ Այս մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ զինուորներուն ներկայութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ հոգ չէ, որ ոչ թէ Սուրիոյ, այլ Իրաքի մէջ, ուր եւս ԻՇԻՊ կը սնուի նաւթի վաճառքով։ Սուրիոյ կտրուածքով ալ թէեւ կ՚ապրուին ուշագրաւ խմորումներ, որոնք կը վերաբերին Պեշար Էսատի ապագային։ Արդարեւ, թէ՛ Ուաշինկթընէն եւ թէ Փարիզէն հնչեցին պատգամներ, որոնք կը բովանդակէին Էսատի ղեկավարութեան հետ գործակցութեան պատրաստակամութեան ազդանշաններ։