ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՍԻՆԵՓԱՐՔ»

Շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուե­ցաւ շար­ժանկա­րի նոր սրահ մը։ Այս­պէս, «Ե­րե­ւան մոլ» ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նի ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րէն ներս բա­ցուե­ցաւ «Սի­նե­փարք»ը, ո­րու շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էին այս տա­րե­մու­տին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ ներ­կայ գտնուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման։ Հինգ դահ­լիճ­ներ կ՚ընդգր­կէ այս «Սի­նե­փարք»ը, ուր ժա­պա­ւէն­նե­րը պի­տի ցու­ցադ­րուին 3D ձե­ւա­չա­փով։ Ներդ­րուած է նաեւ տոմ­սե­րու առ­ցանց վա­ճառ­քի հա­մա­կարգ։

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կողմէ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնի հատուելէն վերջ հիւրերը կատարեցին շրջայց մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015