Ծաղիկներու Լեզուն Եւ Քաղաքական Սպառուածութիւնը

«Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ  թե­լադ­րա­կան խօսք ու­նե­նա­լու կոչուած ընդ­դի­մա­դիր գոր­ծիչ­ներ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ան­լուրջ  մօ­տե­ցում­նե­րով կը փոր­ձեն հան­դէս գալ մտա­ծե­լով, որ ի­րենց ա­րարք­նե­րը պի­տի շա­հին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը: Բա­ցի ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւե­լու փոր­ձե­րէն, ա­նոնք հան­դէս կու գան, մեղմ ը­սած, ա­նի­րա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով եւ ան­կի­րա­ռե­լի ա­ռա­ջարկ­նե­րով, հան­րու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ տա­նե­լով փա­կու­ղի: Հո­գե­բա­նա­կան ֆո­նի վրայ ե­ղած այդ շեշ­տադ­րում­նե­րուն վեր­ջի­նը «Ժա­ռան­գու­թիւ­ն» կու­սակ­ցու­թեան ղեկավար Րաֆ­ֆի Յով­հան­նի­սեա­նի փոր­ձած ա­րարքն է, երբ ան բա­խում­նե­րու հաս­նող լա­րուած մթնո­լոր­տի մը ըն­թաց­քին կը փոր­ձէր ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղել Մե­լիք Ա­դա­մեան փո­ղո­ցին վրայ գտնուող «Հան­րա­պե­տա­կա­ն» կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիին դի­մաց: Ըստ Յով­հան­նի­սեա­նի, այդ ծա­ղիկ­նե­րը «Հան­րա­պե­տա­կա­ն­»ի մա­հը յու­շող ծա­ղիկ­ներ են: Այս­պէս, հան­րա­յին լա­րում ստեղ­ծե­լով՝ Յով­հան­նի­սեան «սպա­սուած փրկի­չ­»ի իր դե­րով կը փոր­ձէ հա­ւա­քագ­րել ընդ­դի­մա­դիր շար­քե­րու ա­մե­նէն լայն հա­տուած­նե­րը: Ինչ խօսք, որ այս պա­րա­նաձ­գու­թեան հիմ­քը ոչ թէ սա­հմա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու տա­պա­լումն է, այլ Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջի­կայ խորհրդա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց պատ­րաս­տու­թիւ­նը: Առ­նուազն Պրն. Յով­հան­նի­սեան քաջ գի­տէ, որ իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան մա­հը ծա­նու­ցե­լով չէ, որ պի­տի յա­ջո­ղի իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն կա­տա­րել: Ա­ւե­լի՛ն. գի­տէ նաեւ, որ այդ գոր­ծըն­թա­ցը շատ հե­ռու է ճշմար­տու­թիւն մը դառ­նա­լէ: Ե­րե­ւե­լին այն է, որ Րաֆֆի Յով­հան­նի­սեան այս ո­ճով կը փոր­ձէ սպա­ռել երկ­րին մէջ ա­ռողջ ընդ­դի­մա­դիր ուժ մը ստեղ­ծե­լու բո­լոր հե­ռա­նը­-կար­նե­րը: Ա­ղօ­թե­լու, ծա­ղիկ դնե­լու, ծաղ­կեպ­սա­ներ տա­նե­լու եւ գու­նա­թա­փած բա­ռե­րով ե­լոյթ ու­նե­նա­լու այս ձե­ւա­չա­փե­րը կը մատ­նեն սպա­ռած ըլ­լա­լու կա­րե­ւոր վար­կած­նե­րու մա­սին: Իսկ այդ սպա­ռուա­ծու­թիւ­նը բնա­կան է, որ ե­րե­ւե­լի պի­տի չդառ­նայ ե­րէ­կուան հան­րա­քուէէն ետք, այլ միայն 2017 թուա­կա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին: Գաղտ­նիք չէ, որ երկ­րի մը կա­յաց­ման հա­մար հիմ­նա­րար, անհ­րա­ժեշտ եւ գոր­ծը­նաց­նե­րու սկսող ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­յին ու­ժը ընդ­դի­մա­դիր ա­ռողջ քա­ղա­քա­կան ուժն է, որ այ­սօր կը բա­ցա­կա­յի Հա­յաս­տա­նի մէջ: Հե­ռա-նը­կա­րա­յին, ճշմա­րիտ եւ գոր­ծադ­րուե­լի­քի չափ լսե­լի դառ­նա­լիք խօսքն է միայն, որ ար­ժէք կրնայ ու­նե­նալ: Այ­լա­պէս բո­լոր ե­ղած­նե­րը ժա­մա­վա­ճա­ռու­թեան մը մա­սին կը խօ­սին եւ կը զօ­րաց­նեն այն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ուժն ու ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ ըստ Յով­հան­նի­սեա­նի ու ի­րեն նման գոր­ծիչ­նե­րուն, կո­չ-ւած են տա­պա­լել Հա­յաս­տա­նի Ան­կախ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015