ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Սա շատ կարեւոր հանգրուան մըն է Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, այսօր պաշտօնապէս կ՚ազդարարուի Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններուն սկիզբը։
Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան կեդրոնակայանէն ներս։ Ան կը մէկտեղուի ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահն է։ Նալպանտեան եւ Մոկերինի միասնաբար կ՚ազդարերեն բանակցութիւններու պաշտօնական մեկնարկը։ Պրիւքսէլի մէջ զուգահեռաբար տեղի կ՚ունենայ նաեւ անոնց առանձին հանդիպումը, որմէ վերջ նախատեսուած է համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։