ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐ

Հա­յաս­տա­նի շարք մը նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար կա­ռու­ցուած կա­ռա­վա­րա­կան նոր մաս­նա­շէն­քը շա­բա­թա­վեր­ջին բա­ցուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­պէս։ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ՝ Վազ­գէն Սարգ­սեա­նի փո­ղո­ցին վրայ կը գտնուի վար­չա­կան հա­մա­լի­րը, ո­րու բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ու ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ։

Այս նոր հա­մա­լի­րին մէջ պի­տի գոր­ծեն Ար­տա­քին գոր­ծոց, Մշա­կոյ­թի, Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան, Ար­դա­րա­դա­տու­թեան եւ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Շէն­քի նա­խագ­ծի հե­ղի­նակն է վաս­տա­կա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Նա­րեկ Սարգ­սեան։ Ընդ­հա­նուր մա­կե­րե­սը կը կազ­մէ 33 հա­զար 460 քա­ռա­կու­սի մեթր։ Հա­մա­լի­րի եր­կու մաս­նա­շէն­քե­րը ի­րա­րու կա­պուած են ստոր­գետ­նեայ կա­յա­նա­տե­ղիով մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015