Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Երեւանի մէջ Ամանորի խանդավառութիւնը հետզհետէ կը դառնայ զգալի։ Մայրաքաղաքի Հիւսիսային պողոտային մէջ արդէն սկսած է Սուբր Ծննդեան տօնավաճառը, որ այս տարի կազմակերպուած է չորրորդ անգամ։ Պողոտայի կեդրոնին զարդարուած մեծ տօնածառը եւ յարակից տնակ-տաղաւարները կ՚արժանանան մայրաքաղաքի բնակիչներու եւ հիւրերու անմիջական հետաքրքրութեան։ Ամիս մը բաց պիտի մնայ այս տօնավաճառը, որ կազմակերպուած է Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մասնաւոր հատուածի համագործակցութեամբ։ Այս տարի աւելցած է նաեւ մաս-նակից կազմակերպութիւններուն թիւը։
Տօնավաճառի բացման պատիւը այս տարի վերապահուեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ-2015» մրցոյթի երկրորդ հանդիսացած Միկային։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015