ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Թեհ­րա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ի­րան-Հա­յաս­տան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի 14-րդ նիս­տը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թացքին հայ­կա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­շոտ Մա­նու­կեան։ Ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ Ա­շոտ Մա­նու­կեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ նա­խա­գահ Էս­հաղ Ճի­հան­կի­րիի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ճի­հան­կի­րի յայտ­նեց, որ իր երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ Հա­յաս­տան ու­նի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դիրք մը։ Ի­րան ո­րե­ւէ սահ­մա­նա­փա­կում չի նա­խա­տե­սեր Հա­յաս­տա­նի հետ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման ա­ռու­մով։ Ճի­հան­կի­րի յայտ­նած է, որ Պար­սից ծո­ցը Կաս­պից ծո­վուն կա­պե­լու նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան են­թա­կա­ռոյց­նե­րու ստեղ­ծու­մը շատ լաւ կա­րե­լիու­թիւն մը կը հա­մա­րուի՝ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կը բարձ­րաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Հե­տե­ւա­բար, Ի­րան եւ Հա­յաս­տան պէտք է թափ տան եր­կա­թու­ղա­յին եւ ճա­նա­պար­հա­յին են­թա­կա­ռոյց­նե­րու շի­նու­թեան ըն­թա­ցքին։

Մա­նու­կեան Թեհ­րա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ի­րա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Հա­միտ Չիթ­ճեա­նի, Ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, հան­քե­րու եւ ա­ռեւ­տու­րի նա­խա­րար Մու­համ­մէտ-Ռը­զա Նե­մատ­զա­տէի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի եր­կօ­րեայ նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան ու­ժա­նիւ­թի, են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու, փո­խադ­րու­թեան, բնա­պահ­պա­նու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, դրա­մատ­նա­յին, ա­պա­հո­վագ­րու­թեան հա­մա­կար­գի, կրթու­թեան, ա­ռեւ­տու­րի, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան եւ այլ նիւ­թեր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016