ԾԱԾՈՒԿ ՃԱՆԱՉՈ՞ՒՄ
ՄԱԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Սմենթա Փաուըր անցեալ շաբաթ 1915 թուականի իրադարձութիւնները բնորոշեց որպէս ցեղասպանութիւն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Associated Press լրատուական գործակալութիւնը այս իրադարձութեան լոյսին տակ օրակարգի վրայ բերաւ այն հարցումը, թէ արդեօք ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը ծածուկ ձեւով ճանչցա՞ծ է Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակաշրջանի հայերու կոտորածը՝ որպէս ցեղասպանութիւն։
Վերոյիշեալ գործակալութեան յօդուածագիրներէն Պրետլի Քլեփըրի ստորագրութեամբ լոյս տեսած է այս յօդուածը։ Սմենթա Փաուըր, որ միեւնոյն ժամանակ ցեղասպանագէտ մըն է, Ուաշինկթընի մէջ հրէից Ողջակիզման թանգարան-յուշակոթողէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին անդրադարձած է այս հարցին։ Նոպէլեան մրցանակակիր եւ Հոլոքոստի վերապրած Էլի Վիզելի յիշատակին ձօնուած այդ ձեռնարկին ժամանակ Փաուըր ըսած է հետեւեալը. «Ան ականատես եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման»։ Այս իսկ նախադասութեան ակնարկելով՝ Պրետլի Քլեփըր հարց տուած է. «Արդեօք Պարաք Օպամայի վարչակազմը առանց աղմուկի ճանչցա՞ծ է Հայոց ցեղասպանութիւնը»։ Արդարեւ, յօդուածագիրը նշած է, որ 1915-ի դէպքերու որպէս ցեղասպանութիւն որակումը երկար ժամանակէ ի վեր թապու մը, արգիլեալ բառ մը եղած է ամերիկացի պաշտօնատարներուն համար, ներառեալ Պարաք Օպաման։ Իսկ Սմենթա Փաուըր այս վերջին քայլով փաստօրէն իր ղեկավարէն առաջ անցած է։
Աւելի առաջ դիւանագիտական աղբիւրներ տեղեկացուցած էին, որ Փաուըր աշխոյժ աշխատանք տարած է համոզելու համար Օպաման՝ որպէսզի պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Իր կարգին, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարեց, որ այս նիւթին շուրջ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ։ «Նախագահը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, բազմիցս, իբրեւ պատմական փաստ ընդունած են, որ 1.5 միլիոն հայեր ջարդուած կամ դէպի իրենց մահը քալելու պարտադրուած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն եւ աւելին՝ անոնք յայտարարած են, որ փաստերու լիարժէք, անկեղծ եւ արդար ճանաչումը կը բխի մեր շահերէն։
Սմենթա Փաուըր մինչեւ Օպամայի վարչակազմին մէջ մտնելը լրագրող մըն էր, արժանացած էր Փուլիցերեան հեղինակաւոր մրցանակին եւ բաւական յաճախ կ՚անդրադառնար ցեղասպանութիւններու հարցին շուրջ ԱՄՆ-ի վարած քաղաքականութեան։