ՀԱԼԷՊԻ ՇՈՒՐՋ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի ճակատագրական դերը կը վերահաստատուի վերջին օրերու իրադարձութիւններով։ Այնտեղ է այն բախտորոշ ճակատը, ուր ձեւաւորուելիք հաւասարակշռութիւնները կը պայմանաւորեն ընդհանուր երթը։ Վերջին օրերուն Սուրիոյ բանակը այս ճակատին վրայ արձանագրեց լուրջ յառաջխաղացում մը։ Զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումները կրեցին լուրջ պարտութիւն։ Անոնց հակակշռին տակ գտնուող շրջաններուն 70 տոկոսը այժմ արդէն կը պատկանի բանակին։ Մինչ զինեալ խմբաւորումները նահանջած են հին Հալէպի շրջանէն, անոնց անդամներուն մեծամասնութիւնն ալ յանձնուած է։
Թէ՛ միջազգային աղբիւրները եւ թէ տեղական մամուլը վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ արձագանգ կը հանդիսանան այլ կարեւոր իրադարձութիւններու։ Արդարեւ, Հալէպի արեւելքին դիրքեր գրաւած արմատականները ներկայացուցիչներ ուղարկած են Թուրքիա։ Անգարայի մէջ անոնք բանակցութիւններ վարած են ռուսական պատուիրակութեան մը հետ։ Զինեալները համաձայնած են՝ իրենց հակակշռին տակ մնացած վերջին թաղամասերը յանձնել եւ ասոր փոխարէն քաղաքի իրենց շարքայինները ուղարկել Թուրքիոյ սահմանամերձ Իտլիպ քաղաքը։
Եթէ վերոյիշեալ լսումները ճիշդ են, ապա Հալէպ ամբողջութեամբ պիտի անցնի Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան տակ ու զինեալ խմբաւորումները վերադարձած պիտի ըլլան իրենց 2011 թուականի դիրքերը։
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին առթիւ Պրիւքսել մեկնած Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերի յայտնեց, որ Պեշար Էսատ եթէ նոյնիսկ ետ առնէ Հալէպը, ապա պատերազմը պիտի չվերջանայ Սուրիոյ մէջ։