Երեքշաբթի 19, Նոյեմբեր 2024
ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ
Իսրայէլի Էյլաթ քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մինչեւ քսան տարեկաններու ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը։ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Դաւիթ Յովհաննիսեան այս մրցաշարքին ընթացքին դարձաւ ոսկէ մետայլակիր։
Մինչեւ Դեկտեմբերի 10-ը պիտի շարունակուի մրցաշարքը, որու ծիրէն ներս կը մրցին նաեւ մինչեւ քսաներեք տարեկանները։ Հայաստանը կը ներկայացնեն ընդհանուր առմամբ տասներեք մարզիկներ։ 77 քիլօկրամ Դաւիթ Յովհաննիսեան Եւրոպայի ախոյեան դարձած է՝ երկամարտի 326 քիլօկրամ արդիւնքով։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016