ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆԷ ԱՆՑԵԱԼ ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԽՈՅՍ ՏՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

Յու­նաս­տա­նի դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին Թուր­քիա ար­տա­յանձ­նել ե­րեք զի­նուո­րա­կան­ներ, ո­րոնք 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ խոյս տուած էին այդ եր­կի­րը։ Հարկ է նշել, որ այս զինուոր­նե­րու պա­րա­գա­յին նախ տրուած էր չվե­րա­դարձ­նե­լու ո­րո­շում, սա­կայն Վճռա­բեկ դա­տա­ւոր­նե­րու խոր­հուր­դը բե­կա­նեց այդ ո­րո­շու­մը եւ այս­պէ­սով ո­րո­շուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան­նե­րուն ար­տա­յանձ­նու­մը։ Յու­նաս­տա­նի Ա­ւագ դա­տա­խազ Ան­տո­նիս Լո­կիոս նա­խա­պէս ար­ձա­կուած դա­տավճ­ռին ա­ռար­կեց՝ պե­տու­թեան եւ հան­րու­թեան շա­հե­րու չան­տես­ման հիմ­նա­ւո­րու­մով։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016