ԵՐԿՈՒ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ
Հռետորական ոճով մը ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը ճանչցաւ՝ որպէս Իսրայէլի պետութեան մայրաքաղաք: Թրամփ, որ «հերոսական» եւ «յաղթանակ» տանողի դիրքերէն խօսեցաւ, նաեւ ըսաւ՝ որ իր այս քայլը (իմա՝ ճանաչումը) «բաւական ուշացած քայլ մըն է»։ Ան հաւաստիացուց, որ ԱՄՆ-ի Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու քայլը խորքին մէջ իրականութեան արտացոլացումն ու ամրագրումն է:
Այս բոլորին մէջ գոյացած մտահոգիչ պատկերն է, որ աշխարհի հզօրագոյն տէրութեան՝ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները կոչուած են հպարտանալու խաղաղութեան համար կատարուող քայլերով եւ ոչ թէ նոր պատերազմներ հրահրելու չհերոսութիւններով: Անկասկած, որ Թրամփի այս քայլը նախ եւ առաջ պիտի ոչնչացնէ տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութիւն մը կերտելու բոլոր յոյսերը: Ջուրը պիտի իյնայ Օսլոյի մէջ կնքուած արաբ-իսրայէլեան համաձայնութեան թղթածրարը եւ պիտի վերանայ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի կողմէ հրապարակ հան-ւած «երկու պետութեանց լուծում» բանաձեւը:
Տանըլտ Թրամփի կատարած «զգայացունց» եւ նոյնիսկ անսպասելի յայտարարութենէն ետք, իր նստավայր Ռամալլայի մէջ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս բաւական հաստատակամ ոճով մը ըսաւ, որ ԱՄՆ-ի այս քայլը ոչինչ պիտի փոխէ ճշմարտութենէն եւ «Երուսաղէմ պիտի շարունակէ մնալ բոլոր արաբներուն, բոլոր իսլամներուն եւ բոլոր քրիստոնեաներուն մայրաքաղաքը: Երուսաղէմը պաղեստինցի ժողովուրդի յաւիտենական մայրաքաղաքն է»։ Ապպաս, որու խօսքին մէջ նոր «Ինթիֆատա» մը կատարելու կոչեր չկային, կը խօսէր բաւական զուսպ ոճով եւ պատերազմ հրահրելու դերէն հեռու մնալով կը հաւաստիացնէր, թէ պաղեստինցիք կը փարին պատմական ճշմարտութեան, հետեւաբար Երուսաղէմ քաղաքի դարաւոր նշանակութեան եւ իմաստներուն վրայ:
Այստեղ է նաեւ, որ մենք ականատես կը դառնանք երկու տարբեր ոճերու: Թրամփ կը խօսի յանուն «իրականութեան», իսկ Պաղեստինի ղեկավարը կը խօսի յանուն «ճշմարտութեան»: Անկասկած, որ եթէ Թրամփ մէկ կողմէ իր այս «անհաշիւ» քայլով շահեցաւ ԱՄՆ-ի իսրայէլա-հրէական լոպիին «բոլորանուէր» նեցուկը, միւս կողմէ ալ ան կորսնցուց շուրջ մէկ միլիառ իսլամներու եւ յատկապէս արաբներու բարեկամութիւնը:
Հակառակ Մահմուտ Ապպասի հանդարտ ոճին, անսպասելի չէ՝ որ պաղեստինեան մէկէ աւելի զինեալ ջոկատներ փորձեն գետնի վրայ հակազդեցութիւններ ցոյց տալ ու անհաւանական չէ, որ ամերիկեան այս որոշումը (որ հեռու է ամերիկեան որոշում մը ըլլալէ) սկիզբ դնէ կրօնական հիմքով բախումներու նոր ալիքի մը։ Սա կրնայ յղի ըլլալ անհաւանական, անսպասելի ու վտանգաւոր զարգացումներու:
Կարեւորը այն է, որ Թրամփ այս ոչ խելացի քայլով (կոպտօրէն չնկարագրելու համար իրադրութիւնը) խոցեց խաղաղութեան համար պայքարող մարդոց կամքը եւ սկիզբ դրաւ նոր խնդրի մը, առանց որուն ալ Միջին Արեւելքի ընդհանուր վիճակը այդքան ալ նախանձելի չէր:
Ուշագրաւ է, որ Թրամփի այս որոշումին դիմաց սկսած է յառաջանալ միջազգային ժխտական հանրային կեցուածք մը, որու առաջին «քննութիւն»ը պիտի կատարուի յառաջիկայ ժամերուն՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին։ Այս նիստի գումարման պահանջը ներկայացուցած են ութ երկիրներ, որոնք դէմ են Թրամփի որոշման։
Այստեղ ակներեւ է նաեւ, որ Թրամփի որոշումին դէմ եղողներուն մէջ կան եւրոպական շարք մը երկիրներ, որոնց գլխաւորը Ֆրանսան է, որ իր այս կեց-ւածքով եւ գուցէ առաջին անգամ պիտի ընդդիմանայ իր ՆԱԹՕ-ի գործընկերոջ որոշման:
Նոյնը կարելի է ըսել Թուրքիոյ մասին։ Անգարայի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ սկսած են նոյնպէս բուռն քննադատութիւններու ենթարկել Թրամփի «վճիռ»ը, զայն համարելով անընդունելի եւ վտանգաւոր:
Այս համայնապատկերին առջեւ շատ կարեւոր է հետեւիլ գետնի վրայ այսօր եւ յառաջիկայ օրերուն պաղեստինեան շրջաններուն մէջ տեղի ունենալիք զարգացումներուն: Ու հո՛ս է նաեւ, որ յստակ պիտի դառնայ, թէ պաղեստինցիք ինչքա՞նով վճռական եւ հաստատակամ են Երուսաղէմի վերաբերեալ իրենց ընկալումներուն մէջ: Միանշանակ պարզ է, որ Երուսաղէմի «բոլորի մայրաքաղաք» դրուածքը այսօր ամենէն շատ փայփայելին եւ ապահովն է: Ու իրօք, որ բառերէ ու քաղաքական բոլոր տեսակի շահարկումներէ անդին՝ Երուսաղէմ համայն մարդկութեան «խղճի մայրաքաղաքն» է:
Այդ մասին կը խօսի Վատիկան, այդ մասին կը յուշեն եւրոպական մէկէ աւելի ազդեցիկ երկիրներ, այդ մասին պիտի խօսին Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին, Մոսկուան, Ռուսաց պատրիարքը, Ուղղափառաց ծայրագոյն պատրիարքը, Եգիպտոսի եւ Ազհարի միւֆթին, Իրանի այէթուլլահը, հուսկ մինչեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը: Այս բոլորը կան ու ասոնցմէ անդին յստակ է, որ Թրամփի այս մտահոգիչ քայլը նախ եւ առաջ դանակ մըն է ուղղուած խաղաղութեան մեծ երազին դէմ: Այն երազին, որ կը ցոլանար 13 Սեպտեմբեր 1993-ին, երբ Իսրայէլի վարչապետ (աւելի ուշ սպանեալ) Իցհաք Ռապին, Պաղեստինի ղեկավար Եասէր Արաֆաթ եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Պիլ Քլինթըն իրարու ձեռք սեղմելով կը հաստատէին, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը կարելի է լուծել միայն «երկու պետութեանց լուծում» բանաձեւումով:
Այսօր մեր մտքերուն մէջ երկու պատկերներ կ՚ուր-ւագծուին։ Մէկ կողմէ Թրամփի հռետորական պատկերը եւ միւս կողմէ Օսլոյի՝ արդէն իսկ մահաքունի մտած խաղաղութեան պատկերը: Ամենամտահոգիչն է, որ աշխարհի տէր ու տիրական ներկայացող Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը մոռնայ, որ որպէս հզօրագոյն տէրութեան մը ներկայացուցիչը՝ ինք նախ եւ առաջ խաղաղութեան դրօշակիրն ու պահապանն է: Թրամփ մոռցած է այդ շեշտը ու անոր համար է նաեւ, որ աշխարհի բոլոր իսլամները կրնան գոռալ՝ «մահ Ամերիկային»:
Հոս ԱՄՆ-ի դէմ ուղղուած խօսքերն ու լուտանքները ոչինչով կրնան անհանգստացնել այդ հզօր երկիրը, սակայն մտահոգիչ է, որ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար ԱՄՆ-ի կողմէ գործադրուած բոլոր ճիգերը ջուրը կը նետուին՝ Թրամփի կողմէ արտասանուած մէկ ծանր խօսքով եւ «Երուսաղէմ Իսրայէլի մայրաքաղաքն է» ըսելով:
Ամէն պարագայի տակ յառաջիկայ օրերը յղի են ծանր իրադարձութիւններու եւ մեզի կը թուի, թէ տարեվերջը նշելու պատրաստուող աշխարհը գեղեցիկ օրերու դէմ յանդիման պիտի չըլլայ մանաւանդ միջինարեւելեան աւազանի կտրուածքով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան