ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԽԱՂ…

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր երկիրը Երուսաղէմը կը ճանչնայ՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք։ Ան միեւնոյն ժամանակ Պետական քարտուղարութեան հրահանգեց՝ որպէսզի պատրաստութիւնները սկսին Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան Երուսաղէմի մէջ հաստատման համար։ Սպիտակ տան մէջ Տանըլտ Թրամփի կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութիւնները լայն արձագանգ ստեղծեցին ամբողջ միջազգային ընտանիքին մէջ։ Անտեսելով բոլոր զգուշացումները՝ Տանըլտ Թրամփ ի լուր աշխարհի տեղեկացուց, որ իր երկիրը նոր մօտեցում մը որդեգրած է Երուսաղէմի պարագային։ Թրամփի համոզմամբ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ առկայ խնդիրները պէտք է դիտարկուին նոր հեռանկարներով։ Թրամփ յիշեցուց ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին կողմէ 1995 թուականին ընդունուած Երուսաղէմի օրէնքը, որով խորհուրդ կը տրուէր Երուսաղէմը ճանչնալ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք՝ դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրել այնտեղ։ «Քսան տարիէ աւելի ժամանակէ մը ի վեր բոլոր նախագահները յետաձգեցին այս օրէնքի գործադրութիւնը ու որպէս պատճառաբանութիւն ցոյց տուին՝ խաղաղութեան ջանքերը։ Այս ժամանակաշրջանի աւարտին ներկայիս աւելի քան երբեք մօտ ենք Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ մշտական խաղաղութեան։ Հետեւաբար հասած է Երուսաղէմը՝ պաշտօնապէս որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու ժամանակը», ըսաւ Թրամփ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ամերիկացի ղեկավարը որեւէ ժամկէտ չնշեց, թէ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը երբ պիտի հաստատուի Երուսաղէմի մէջ։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, իր այս քայլով հանդերձ, Թրամփ յայտնեց, որ մեծ յոյսեր ունի Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ խաղաղութեան գործընթացէն։ Իր խօսքերով՝ ԱՄՆ կը շարունակէ խրախուսել Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ լուծումը, որ կ՚ենթադրէ երկու պետութիւն։

ԱՄՆ-ի մէջ հանրապետականները երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը բերէին ամերիկեան դեսպանութեան Երուսաղէմ տեղափոխման հարցը։ Բայց եւ այնպէս, ցայսօր որեւէ ամերիկեան կառավարութիւն պաշտօնապէս քայլ մը չէր առած՝ Իսրայէլը որպէս Երուսաղէմի մայրաքաղաք ճանչնալու ուղղութեամբ։ 1995 թուականին ընդունուած վերոյիշեալ օրէնքէն ի վեր, անցնող 21 տարիներուն տեւողութեան, նախագահի պաշտօն վարած Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Պուշ կրտսեր եւ Պարաք Օպամա իրենց պաշտօնավարութեան ժամկէտներուն ամէն վեց ամիսը անգամ մը այդ որոշման գործադրութիւնը կը յետաձգէին՝ պատճառաբանելով ազգային անվտանգութիւնը։ Տանըլտ Թրամփի այս արմատական քայլը անակնկալի մատնած է միջազգային հանրութիւնը։ Ընդհանրապէս, Թրամփի այս նախաձեռնութիւնը կ՚ընկալուի՝ որպէս կրակի հետ խաղ։ Մերձաւոր Արեւելքի փխրուն հաւասարակշռութիւններուն ներքեւ ամերիկեան կողմի այս որոշումը կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ։ Նոյնիսկ Սպիտակ տունէն կարգ մը պաշտօնատարներ յայտնած են, որ այս որոշումը առնուազն կարճաժամկէտ վնաս պիտի հասցնէ Իսրայէլ-Պաղեստին հաշտութեան։ Այդ պաշտօնատարները չեն փափաքած ներկայանալ իրենց անունները տալով լրատուամիջոցներուն։ Այս պատճառով միջազգային հանրութիւնը ծայր աստիճան վերապահ կը մօտենայ այս հարցին։ Մնաց, որ համաշխարհային բեմահարթակի վրայ արդէն նուազ չեն ճգնաժամերը, որոնց վրայ կու գայ աւելնալ այս նուրբ հարցը, որու պարագային գերզգայուն է ամբողջ իսլամական աշխարհը։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդն ալ կը պատրաստուի այս հարցին շուրջ արտահերթ ժողով մը գումարել։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ բուռն հակազդեցութիւնով ընկալեց Ուաշինկթընի այս քայլը։ Թուրքիա ամենաբարձր մակարդակի վրայ վերջին օրերուն ահազանգ կը հնչեցնէ այս կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Պէտք է խուսափիլ քայլէ մը, որ կրնայ փոփոխութեան ենթարկել Երուսաղէմի իրաւական կարգավիճակը։ Սխալ քայլ մը պոռթկումի պատճառ կրնայ դառնալ»։ Իր կարգին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ նշեց, թէ Թուրքիա կը պախարակէ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան՝ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու վերաբերեալ յայտարարութիւնը։ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբթուան կէսին արտահերթ գագաթաժողովի մը հրաւիրուած են Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները, որոնք պիտի համախմբուին Իսթանպուլի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Թուրքիա ներկայիս այդ կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է եւ Էրտողան՝ որպէս շրջանային նախագահ երկրի ղեկավար հրաւէր ուղղած է սոյն արտահերթ գագաթաժողովին համար։

Երէկ, Անգարայի մէջ Երուսաղէմի պարագային ստեղծուած կացութեան շուրջ ծաւալուեցան մանրամասն քննարկումներ՝ մանաւանդ, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ Երուսաղէմի կարգավիճակի պարագային առնուելիք սխալ քայլ մը պոռթկումի պատճառ պիտի դառնայ ամբողջ իսլամական աշխարհէն ներս, որովհետեւ Երուսաղէմ մահմետականներու աչքի բիբն է։ «Որմէ որ ալ գայ՝ այս պատմական ճշմարտութեան անտեսման հետամուտ իւրաքանչիւր մօտեցումի վերջաւորութիւնը յուսախաբութիւն կ՚ըլլայ», ըսաւ ան։

Ապտուլլահ Բ. թագաւորի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Յորդանան նոյն զգացումները կը բաժնեն՝ Երուսաղէմի նուիրականութեան եւ պատմական կարգավիճակի պահպանման շուրջ։ «Մենք շատ կը կարեւորենք Յորդանանի թագաւորութեան նուրբ դերակատարութիւնը՝ որպէս Երուսաղէմի սրբավայրերու հովանաւոր», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Երուսաղէմի պարագային սխալ քայլ մը պիտի խոչընդոտէ խաղաղութեան գետինը եւ տարածքաշրջանէ ներս ծնունդ պիտի տայ նոր լարուածութիւններու ու բախումներու։ «Մեր տարածքաշրջանի անդորրութիւնը, խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը այնքան կարեւոր է, որ կարելի չէ զանոնք զոհել ներքին քաղաքական հաշիւներով։ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան համար միակ ճանապարհն է 1967 թուականի սահմաններուն մէջ անկախ Պաղեստինի պետութեան մը ստեղծուիլը՝ մայրաքաղաք ունենալով Արեւելեան Երուսաղէմը», շարունակեց Էրտողան։

Ապտուլլահ Բ. թագաւորին հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հանրապետութեան նախագահն ալ յայտնեց, որ 13 Դեկտեմբերին Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովը, որմէ օր մը առաջ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով մը գումարելով պիտի տանին նախապատրաստական աշխատանք։ Այդ գագաթաժողովի աւարտին պիտի հրապարակուի զեկոյց մը։ Էրտողանի խօսքերով՝ շատ կարեւոր է, որ իսլամական աշխարհը միասնականութեամբ վարուի Երուսաղէմի կարգավիճակի պահպանման պարագային։ Այս գործընթացին մէջ Էրտողան մեծապէս կարեւորեց Ապտուլլահ Բ. թագաւորի հետ անմիջական երկխօսութիւնը։ Արդարեւ, Յորդանան ներկայիս Արաբական լիկի շրջանային նախագահ երկիրն է։ Իր կարգին, Ապտուլլահ Բ. թագաւորն ալ յայտնեց, որ տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները աւելի քան երբեք կը պարտադրեն՝ որպէսզի Թուրքիա եւ Յորդանան խորհրդակցին եւ համակարգեն իրենց դիրքորոշումը։ Ան կարեւորեց Երուսաղէմի պարագային Էրտողանի կողմէ Յորդանանին ընծայուած նեցուկը։ Իր խօսքերով՝ երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին Էրտողանի հետ համակարծիք գտնուեցան, թէ Պաղեստինի հարցին շուրջ այլընտրանք չունի երկու պետութիւններով լուծման տարբերակը։ Սա է, որ պիտի ապահովէ խաղաղութիւնն ու տարածքաշրջանի կայունութիւնը։

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ երէկ այս հարցին վերաբերեալ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը։ Ան մատնանշեց, որ ԱՄՆ-ի այս որոշումով տարածքաշրջանէ ներս բացուած է «Փանտորայի տուփը»։ Ըստ վարչապետին, Թուրքիոյ տեսակէտէ առ ոչինչ է ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած որոշումը՝ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու մասին։ Վարչապետը այդ քայլը համարեց ծանր հարուած մը խաղաղութեան դէմ՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ

Միւս կողմէ, Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան առջեւ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը։ Շուրջ յիսուն հոգինոց խումբ մը Ուաշինկթընի ղեկավարութեան որոշման դէմ արտայայտեց իր հակազդեցութիւնը՝ ԱՄՆ եւ Իսրայէլի դէմ հանդէս գալով լոզունգներով։ Ցուցարարներու շարքին էր Իսթանպուլի երեսփոխան Հասան Թուրան (ԱՔ կուսակցութիւն), որ Թուրքիա-Պաղեստին միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի նախագահն է։ Ան յայտնեց, որ Երուսաղէմ մարդկութեան հասարակաց ժառանգութիւնն է։ Թրամփի որոշումը անընդունելի է եւ եկած է վիրաւորել իսլամական աշխարհը։

ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Երուսաղէմի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Երուսաղէմի կարգավիճակին վերաբերեալ։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը.

«Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն խնդիրներէն է եւ կրնայ լուծում ստանալ բանակցութիւններու միջոցաւ՝ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան կողմերուն համար ընդունելի կարգաւորման համատեսքի մէջ։ Սա կրնայ ճանապարհ հարթել տեւական անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար։ Երուսաղէմի մէջ գոյութիւն ունի բազմադարեայ հայկական ներկայութիւն, հարուստ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւն։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը հանդիսանայ Սուրբ վայրերու իրաւատէր եկեղեցիներէն մին։ Բնականաբար, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Երուսաղէմի վերաբերեալ բոլոր զարգացումներուն»։

ԱՊՊԱՍ. «ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԱՏԸ ՀԱՍԱԾ Է ՃԱՄԲԱԲԱԺԱՆԻ»

Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս երէկ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշման դէմ։ Ան յայտնեց, որ այդ որոշումը մերժելի է։ Ըստ Մահմուտ Ապպասի, ԱՄՆ այս որոշումով կը կացինահարէ խաղաղութեան բոլոր ջանքերը ու կը վերջացնէ իր դերակատարութիւնը հաշտութեան բանակցութիւններուն մէջ։

Ռամալլայի մէջ, Նախագահական պալատի երդիքին տակ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ կը մերժեն ու կը պախարակեն ԱՄՆ-ի այս ծրագիրը։ Սոյն որոշումը կու գայ հռչակել, որ ԱՄՆ կը հրաժարի իր դերակատարութենէն՝ որպէս խաղաղութեան գործընթացի հովանաւոր։ «Այս որոշումը նուէր մըն է՝ Իսրայէլը խրախուսելու համար համաձայնութիւնները չճանչնալու, միջազգային օրինականութեան դէմ ասպարէզ կարդալու, բռնագրաւումի եւ էթնիք մաքրագործման քաղաքականութեան ճանապարհին», ըսաւ Մահմուտ Ապպաս եւ ընդգծեց, որ Պաղեստինի դատը հասած է ճամբաբաժանի։

Միեւնոյն ժամանակ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնը այս որոշումով նախընտրած է անտեսել աշխարհի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բոլոր հակազդեցութիւնները։ Ապպաս տեղեկացուց, որ Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութիւնը մօտաւոր ապագային արտահերթ ժողով մը պիտի գումարէ։ «ԱՄՆ-ի Նախագահ Թրամփի այս որոշումը պիտի չփոխէ Երուսաղէմի իրականութիւնը եւ օրինականութիւն պիտի չապահովէ Իսրայէլին։ Երուսաղէմ պիտի մնայ Պաղեստինի պետութեան յաւերժական մայրաքաղաքը՝ իր արաբական, իսլամական եւ քրիստոնէական ինքնութեամբ։ Երուսաղէմ տոկուն է որեւէ փոփոխութեան նախաձեռնութեան դէմ», ըսաւ Մահմուտ Ապպաս եւ աւելցուց, որ Երուսաղէմի համար պիտի պատերազմին։

Միւս կողմէ, Համասն ալ տեղեկացուց, որ ԱՄՆ այս որոշումով դժոխքի դռները բացած է։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017