ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Նալպանտեան եւ Մամետեարով Վիեննայի մէջ կը գտնուին՝ մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպման սկիզբին ներկայ գտնուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։ Միջնորդներու մասնակցութեամբ սկսած հանդիպումը աւելի վերջ շարունակուեցաւ առանձնազրոյցի ձեւաչափով։

Նալպանտեան-Մամետեարով հանդիպման օրակարգին վրայ էին՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման ուղիները։ Համանախագահներու առաջարկով համաձայնութիւն գոյացաւ՝ որպէսզի Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ յառաջիկայ հանդիպումը կազմակերպուի 2018 թուականի տարեսկիզբին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան յաջորդ այցելութեան ժամկէտները։

Մամետեարովի հետ տեսակցելէ առաջ Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Վիեննայի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն հետ։ Զրուցակիցները շօշափեցին Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղեալ քայլերը։ Կարծիքի փոխանակումները շարունակուեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ այս տեսակցութենէն անմիջապէս վերջ տեղի պիտի ունենար Նալպանտեան-Մամետեարով հանդիպումը՝ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նախարարներու ժամադրութեան։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Էլմար Մամէտեարով Վիեննայի երէկուան հանդիպումը որակեց դրական եւ շինիչ։ Բանակցութիւններու ընթացքին տեղի ունեցան խտացեալ եւ յստակ քննարկումներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կապակցութեամբ առկայ առաջարկներուն շուրջ։ Համաձայնութիւն գոյացաւ՝ որպէսզի երկու նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ 2018 թուականի Յունուարի երկրորդ կէսին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017