ԵՐԿՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս անպաշտօն հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարները աշխատանքային ճաշի ձեւաչափի մէջ քննարկեցին ԱՊՀ-ի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան հեռանկարները։

Սեն Փեթերսպուրկի մէջ զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովը։ Եւրոասիոյ բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ նախ նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարի Հայաստան պիտի դառնայ ԵԱՏՄ-ի շրջանային նախագահ երկիրը։ Սեն Փեթերսպուրկի երէկուան ժողովին ընթացքին Վլատիմիր Փութին այս կապակցութեամբ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց հայկական կողմին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018