30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ…

1988 թուականի դեկտեմբերի 7-էն ի վեր արդէն անցած է երեք տասնամեակ։ Այսօր մեծ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի օրն է։ Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ այս յուզումնախառն թուականը դարձած է անմոռանալի։ Ամբողջ Հայաստանի հիւսիսը ցնցած այս երկրաշարժը խլած էր տասնեակ հազարաւոր զոհեր։ Միայն պաշտօնական վիճակագրութիւնն անգամ բաւարար է երկրաշարժի հետեւանքներու սարսափելի պատկերը ըմբռնելու համար։ Եւ այսօր, երեք տասնամեակ անց հայաշխարհը դարձեալ բիւր յարգանքով եւ յուզումնախառն զգացումներով կը բերէ իր խոնարհումը երկրաշարժի զոհերուն առջեւ։ Դժբախտաբար, վէրքերը վերջնականօրէն չեն սպիացած, որովհետեւ երկրաշարժի հետեւանքները ամբողջութեամբ չեն յաղթահարուած։ Ճիշդ է, որ աղէտի գօտի հասկացութիւնը սկզբնական շրջանի սուր իմաստով օրակարգի վրայ չէ այլեւս, սակայն ընկերային կացութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր։ 

1988-ի երկրաշարժը թէեւ բնական աղէտ մըն էր, սակայն մեծ ներգործութիւն ունեցաւ հայոց մերօրեայ սերունդներու գիտակցութեան մէջ։ Երկրաշարժը պատահեցաւ Հայաստանի անկախացման անմիջապէս նախորդող, արցախեան շարժման բռնկած փուլին մէջ։ Առերեւոյթ անոր ծանր հետեւանքները կու գային դժուարացնել ամէն ինչ, սակայն երեք տասնամեակ անց, այսօր կարելի է նաեւ նշել, որ անհաւատալի ու զարմանալի ձեւով ան կարծես վերածուած էր տոկունութեան ու զօրակցութեան ազդակի մը։ Երկրաշարժը զօրակցութեան անհաւատալի շարժումի մը ծնունդ տուաւ նաեւ սփիւռքէ ներս։ Աշխարհի չորս ծագերուն հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ հասնելու համար օգնութեան՝ հարազատի գիտակցութեամբ։ Երկրաշարժի մարդասիրական ծանր հետեւանքները համազգային զարթօնքի մը ծնունդ տուած ըլլային կարծես։ Ամէնուրեք օգնութիւն հաւաքելու եւ զանոնք Հայաստան առաքելու համար ստեղծուեցաւ մեծ շարժում մը, նաեւ հիմնուեցան կառոյցներ։ Ազգային-եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպութեան պահ մըն էր այս մէկը։ Հոգեվարքի մէջ գտնուող Խորհրդային Միութեան համակարգային տկարութիւններուն հետեւանքով թէկուզ այդ բոլորը հարիւր տոկոս իրենց նպատակին ծառայելէ հեռու մնացին, սակայն երկրաշարժի ցնցումը եկաւ բնորոշելու հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային պահ մը։

Այսօր, այդ բոլորի արժեւորման հերթական պահերէն մին է։ Զոհերու վառ յիշատակին առջեւ խոնարհումով՝ հայաշխարհը կը կեդրոնանայ մեծ երկրաշարժով պայմանաւորուած դասերու վրայ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ այ­սօր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կը կա­տա­րուի՝ 1988 թուա­կա­նի մեծ երկ­րա­շար­ժի զո­հե­րու հո­գի­նե­րու հանգս­տու­թեան հա­մար։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, Ս. Յով­հան­նէս Մկրտիչ եւ Ս. Վար­դան մա­տուռ-մկրտա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նը, ո­րուն կը նա­խա­գա­հէ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Երկ­րա­շար­ժի 30-րդ տա­րե­լի­ցին օ­րը ա­ղօթք կը բարձ­րա­ցուի առ Աս­տուած՝ որ­պէս­զի զո­հե­րու յա­ւի­տե­նա­կան նեն­ջը ըլ­լայ հան­գիստ եւ ա­նոնց հա­րա­զատ­ներն ալ մխի­թա­րուին ու զօ­րա­նան Ս. Հո­գիով։ Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը սկսի տեղ­ւոյն ժա­մով 11.00-ին։ 
Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի տնօ­րի­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը աշ­խար­հաս­փիւռ իր թե­մե­րով նա­խա­ձեռ­նած է 1988 թուա­կա­նի երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւան­քով տու­ժած եւ առ այ­սօր տնակ­նե­րու մէջ բնա­կող ըն­տա­նիք­նե­րը բնա­կա­րան­նե­րով օժ­տե­լու ուղ­ղեալ ըն­կե­րա­յին ծրագ­րի մը։ Նպա­տակ ու­նե­նա­լով զօ­րաց­նել ըն­կե­րա­յին ծանր պայ­ման­ներ դի­մագ­րա­ւող ըն­տա­նիք­նե­րը՝ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս, սոյն նա­խագ­ծի ա­ռա­ջին փու­լին, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ պի­տի ըն­ծա­յուի տասն բնա­կա­րան։ Ա­ղի­տեալ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած այդ տասն բնա­կա­րան­նե­րէն եօ­թը կը գտնուի Կիւմ­րիի, իսկ ե­րե­քը Սպի­տա­կի մէջ։ Ըստ էու­թեան, այս եր­կու քա­ղաք­ներն էին, ո­րոնք ա­ռա­ւել չա­փով ա­ւե­րուած էին երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւան­քով։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018