ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահն է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։ Զրուցակիցները կարեւորեցին խաղաղութեան համար նպաստաւոր միջավայրի ձեւաւորման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկուիլը։ Այս առումով անոնք գնահատեցին հակամարտ կողմերու միջեւ կազմակերպուած լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւնները։
Ծանօթ է, որ Զօհրապ Մնացականեան Պրաթիսլաւայի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 26-րդ հաւաքին։ Այս խորհուրդի ժողովին ծիրէն ներս Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Ներկայ էին նաեւ Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով։ Այս հանդիպման մասնակցութիւն բերաւ ԵՄ-ի Արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով նորանշանակ գերագոյն յանձնակատար Ճոզըֆ Պորէլ, որ միեւնոյն ժամանակ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահն է։ Հանդիպման մասնակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Արեւելեան գործընկերութեան ապագայի տեսլականին շուրջ։