ՎԱՍՏԱԿԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Երէկ երեկոյեան Մխիթարեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած մասնաւոր երեկոյթով մը ոգեկոչուեցաւ երախտաշատ բանասէր, Պատրիարքարանի նախկին դիւանապետներէն Գէորգ Բամպուքճեան։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի կողմէ հովանաւորուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պոմոնթիի եւ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարաններու սանուց միութիւններուն կողմէ կազմակերպուած երեկոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Մագ. Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան եւ Հայր Միքայէլ Վրդ. Ուչար։ Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ մշակութասէրներ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ հասարակական գործիչներ մասնակցեցան այս երեկոյթին։ Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան եւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լինա Չաւտարի։ Գէորգ Բամպուքճեանի վերաբերեալ վկայութիւններով եւ անոր թողած ժառանգին վերաբերեալ խորհրդածութիւններով հանդէս եկան՝ Հայաստանէն արեւելագէտ Յասմիկ Ստեփանեան, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, հրատարակիչ Օսման Քէօքէր, ուսուցչուհի Ասլին Տիշճի եւ ուսուցչուհի Հռիփսիմէ Մէյտան։ Ոգեկոչեալի կենսագրութիւնը ներկայացուց ուսուցչուհի Թամար Մանկասար։ Յայտագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը, որու մաս կազմեցին մեներգչուհի Թաթիանա Պոստան, կիթառահար Արի Հերկել եւ տուտուկահար Էրթան Թեքին։
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Զեքիեան Գերապայծառի հուսկ բանքով։
Ապա սարքուեցաւ պատուասիրութիւն մը, որու մասնակիցները թէ՛ վերյիշեցին Գէորգ Բամպուքճեանը եւ թէ անմիջական զրոյցով բաժնեցին իրարու տպաւորութիւնը այս յատկանշական երեկոյթին մասին։