«ՊԷՏՔ Է ՄՏԱԾԵՆՔ ՄԵՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ, ԵՐԿՐԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՊԱԳԱՅԻ ՄԱՍԻՆ»

Հայաստանի դիմագրաւած ծանր քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ հերթական կոչով։ Ստորեւ նոյնութեամբ, արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք իր յայտարարութեան բնագիրը։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այսօր մեր երկիրը՝ որպէս պետութիւն եւ մեր հասարակութիւնը, բոլորս միասին կը գտնուինք յետպատերազմեան խոր ճգնաժամի մը մէջ։ Սա պէտք է արձանագրել առանց ձեւականութեան, առանց մենք մեզի խաբելու եւ միեւնոյն ժամանակ, առանց յուսահատութեան։ Պէտք է ամբողջութեամբ գիտակցինք եւ ընդունինք այդ ճգնաժամի գոյութիւնն ու ամէն ինչ ընենք զայն յաղթահարելու համար։ Միասին, ձեռք ձեռքի տուած։ Անկախ զբաղեցուցած պաշտօնէն, քաղաքական համոզումներէն ու հայեացքներէն, անձնական համակրանքներէ կամ հակակրանքներէ, մենք պէտք է մտածենք մեր պետութեան, երկրի ու ժողովուրդի ապագայի մասին։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի արտայայտելու իր կարծիքը, դժգոհութիւնը եւ իշխանութիւններէն բացատրութիւն պահանջելու պատերազմի հետեւանքով մեզի հասած ահռելի մարդկային եւ տարածքային կորուստներու համար։ Կառավարութիւնը չի կրնար գործել 2018 թուականի հանրային տրամադրութիւններու ոգիով։ Այսօր իրականութիւնը բոլորովին այլ է։

Այս լարուած ու բարդ օրերուն կը դիմեմ բոլորիդ՝ ձեր իւրաքանչիւր գործողութիւն պէտք է ըլլայ օրէնքին համապատասխան, պէտք է ըլլայ իրաւաչափ։ Կը դիմեմ նաեւ իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներուն՝ կարգ ու կանոնի պահպանումը կարեւոր է։ Միաժամանակ յիշեցէք, որ ձեր առջեւ, Երեւանի փողոցներուն մեր հայրենակիցն է, մեզմէ մէկը՝ կին, թէ տղամարդ, երիտասարդ, թէ տարեց։ Անոնց մէջ են նաեւ մարդիկ, որոնք քանի մը օր առաջ հայրենիքը կը պաշտպանէին, մեզմէ իւրաքանչիւրը, ձեզ։ Անթոյլատրելի եւ անընդունելի են որեւէ բռնութիւն եւ ոչ համաչափ ուժի ու միջոցներու կիրառումը։ Ձեր գործողութիւններուն մէջ պէտք է դրսեւորէք պատասխանատուութիւն, մարդկային եւ մասնագիտական բարձր յատկանիշներ։

Այսօր մենք կարիք ունինք շրջադարձային որոշումներու։ Լուծումները պէտք է ըլլան ազգային համաձայնութեան շրջանակին մէջ։ Մենք պէտք է կարողանանք վերականգնել հանդուրժողութեան, փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտը, ի մի բերել մեր ժողովուրդի բոլոր դրական ու կենսական որակները եւ անոնք վերածել հաւաքական ուժի, որ պիտի ըլլայ մեր ապագայ յաջողութիւններու գրաւականը։ Հանրապետութեան նախագահի եւ նախագահական կառոյցի գործունէութիւնը ուղղուած է այս իսկ նպատակին։

Աստուած պահապան բոլորիս։

*

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին պահանջեց նաեւ, որ կառավարութիւնը պէտք է հաշուետուութիւն ներկայացնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով կատարուած ծախսերուն վերաբերեալ։ Այդ հաշուետուութիւնը պէտք է ըլլայ յստակ, մանրամասն եւ թափանցիկ։

Հաշուի առնելով այս նիւթին կապակցութեամբ հանրային հետաքրքրութեան աճը՝ Արմէն Սարգսեան պարզաբանումներ ներկայացնելու առաջարկով վերջերս նամակով մը դիմած էր հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանին։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ի պաշտօնէ հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է։ Արմէն Սարգսեան այս նիւթին շուրջ պաշտօնական նամակով մը դիմած է նաեւ հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2020