ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկումներ կը ծաւալուին բարձր մակարդակի վրայ։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուցին, որ Այվազեան-Լաւրով հանդիպումը ունի ծանրաբեռնուած օրակարգ։ Սա Արա Այվազեանի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է՝ նախարարի պաշտօնը ստանձնելէ վերջ։

Այվազեանի այցելութեան ընդառաջ Լաւրով վերջին օրերուն երկու հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան, ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն։

Լաւրով վերջին օրերուն հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան սկզբունքային անհամաձայնութիւններ չունի Թուրքիոյ հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լաւրով չթաքցուց, որ երկու երկիրներու միջեւ որոշ տարաձայնութիւններ կան, սակայն անոնք բաց են համագործակցութեան համար եւ կը յաջողին այդ բոլորը յաղթահարել։ «Ներկայիս մեր նախագահները կը յաջողին մշակել համագործակցութեան մոտել մը, որով կը հարթուին այդ տարաձայնութիւնները։ Բոլոր նման դէպքերու մէջ Ռուսաստանն ու Թուրքիան կը գտնեն շփման եզրեր, ջանքերը համակարգելու ուղիներ, ինչին ականատեսն ենք հիմա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսաւ ան։

Նոյնպէս Արա Այվազեանի այցելութեան ընդառաջ, «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը տեղեկացուց Ստեփանակերտի օդակայանի վերագործարկման հաւանականութեան շուրջ։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ռուսաստանի պատկան մարմինները ներկայիս քննարկումներ կը ծաւալեն այս կապակցութեամբ։ Հաւանական է, որ թէ՛ Մոսկուայէն եւ թէ Ռուսաստանի այլ շրջաններէն թռիչքներ իրականացուին դէպի Ստեփանակերտ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ ցայսօր աւելի քան 34 հազար փախստական վերադարձած է Արցախ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2020