ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ՈՐԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

Թայլանտի մէջ կը ծրագրեն յառաջիկայ տարիներուն հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն։ Այսպէս, Թայլանտ կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ամբողջութեամբ հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս ծրագրին անդրադարձած է Թայլանտի Զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Իւթհասաք Սուփհասոն։

«Երբ այդ տնտեսութիւնը կրկին ոտքի կանգնի, Թայլանտ այլեւս պէտք չէ դիտարկուի որպէս ոչ-անվտանգ, այլեւ սեռային ուղղութիւն: Այս կը նշանակէ, որ կ՚ապահովենք զբօսաշրջիկնարու մաքրութեան, բնապահպանական կայունութիւնը եւ լրացուցիչ հնարաւորութիւնները եւ մեր ջանքերը կը կեդրոնացնենք զբօսաշրջութենէն ստացուող եկամուտներու վրայ», յայտարարած է Թայլանտի Զբօսաշրջութեան վարչութեան պետը, որու խօսքը կը մէջբերէ «Bangkok Post» թերթը:

Սուփհասոնի համաձայն, օտարերկրացի ճանապարհորդներու ներկայութենէն եկամուտի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը հասունցած էր մինչ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով ճգնաժամը: Անոր խօսքով՝ արդէն անցեալ տարի մէկ արտասահմանցի զբօսաշրջիկէ ստացուած միջին եկամուտը կազմած է 47 հազար թայլանտական պաթ (շուրջ 1500 ամերիկեան տոլար), ինչ որ 100 տոլարով պակաս է, քան եղած է նախորդ տարիներուն: Իշխանութիւններու նպատակը այդ թիւը 2021 եւ 2022 թուականներուն մինչեւ 62 հազար պաթ (շուրջ 1990 տոլար) բարձրացնելն է։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2020