ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԱՌԿԱՅ ԱՆԴՈՒՆԴԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ ՇԱՏ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԸՆԹԱՑՔՈՎ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը ծաւալի՝ հայաշխարհէ ներս համատարած անհանգստութեան պատճառ դառնալով։ Պատերազմի ձախողումը շատ ծանր կացութիւն մը ստեղծած է հայկական կողմին տեսակէտէ, ինչ որ անխուսափելի դարձուցած է ներքին քաղաքական նոր խմորումները։ Երեւանի մէջ շաբաթներէ ի վեր զգալի է լարուածութիւն եւ յամառօրէն որոնումներ կը կատարուին նոր իշխանութեան մը ձեւաւորման ճանապարհին։ Պատերազմի ձախողումը պատճառ դարձած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը զրկուի ժողովրդական յենարաններէ։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ կը բարձրաձայնուի կառավարութեան հրաժարականի պահանջը։ Յամենայնդէպս, վարչապետ Փաշինեան ականջը փակած ըլլալ կը թուի այդ բոլորին։ Շատ մտահոգիչ բեւեռացում մը ստեղծուած է Հայաստանէ ներս։ Արդէն վերջին շուրջ երկուքուկէս տարիներու ընթացքին այդ բեւեռացումը կար, իսկ այժմ պատերազմի ձախողումը պատճառ դարձած է, որ դրսեւորումները հասնին գագաթնակէտին։ Հակադրութիւնները անշրջադարձելի դարձած են, մինչ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ առկայ անդունդը կը խորանայ շատ մտահոգիչ ընթացքով։ Այս բոլորը շաբաթավերջին հերթական անգամ սուր դրսեւորումներ ունեցան՝ մտահոգութիւն պատճառելով աչալուրջ շրջանակներուն, որոնք պետութեան ապագայի երաշխաւորումը կը համարեն գերադաս։

Նիկոլ Փաշինեան, որ կը ջանայ ձեւացնել, թէ իր իշխանութեան տեսակէտէ ամէն ինչ բնականոն է, արդէն այս ձեւով կարծես կը սադրէ ժողովուրդը։ Ի լրումն այս բոլորին, ան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք գրգռութեան համազօր էին։ Արդարեւ, պատերազմի ձախողումը ան փորձեց ներկայացնել՝ որպէս նախորդ վարչախումբերու կաշառակերութեան հետեւանք։ Փտածութեան հարցը, անվիճելիօրէն, էական խնդիր մը եղած է Հայաստանի տեսակէտէ, սակայն, ներկայ ճակատագրական փուլին մէջ մեղաւորներ հնարելու տխուր ջանքերով այդ խնդրին արծարծուիլը մեծ ցասում յառաջացուցած է Փաշինեանի դէմ։ Ան այս բոլորը յայտարարեց Երեւանի մէջ ընդդիմադիր ճակատին կողմէ շաբաթավերջին կազմակերպուած հանրահաւաքին ընդառաջ։ Ըստ երեւոյթին, վարչապետը կը ձգտէր այդ շարժումը հնարաւորինս սանձել եւ իր հրաժարականի պահանջները սահմանափակել, սակայն հաշուարկները չարդարացան։

Փաշինեանի նման արմատական տրամադրութիւններու մէջ է նաեւ ընդդիմութիւնը, որ յառաջ կը տանի «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը։ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ այս շարժումը շաբաթավերջին կազմակերպեց մեծ հանրահաւաք մը, որու ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Վազգէն Մանուկեան։ Այս վերջինը սոյն շարժումին կողմէ առաջադրուած է որպէս՝ վարչապետի թեկնածու, Փաշինեանի հրաժարականէն վերջ անցումային կառավարութիւնը գլխաւորելու եւ երկիրը տարուան մը ընթացքին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան առաջնորդելու համար։ Վազգէն Մանուկեան խոստացած է այդ ընթացքին գործել անկուսակցականի կարգավիճակով եւ արտահերթ ընտրութիւններուն ժամանակ ալ թեկնածու չներկայանալ։ Շաբաթավերջի հանրահաւաքը՝ բաղդատմամբ ցայսօր ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած նմաններուն, շատ աւելի բազմամարդ էր։ Ազատութեան հրապարակի հանրահաւաքէն վերջ ցուցարարները մեծ դրօշակ մը կրելով կազմակերպեցին երթ մը՝ դէպի Բաղրամեան պողոտայ, անցնելով Հայաստանի Ազգային ժողովի առջեւէն։ Ցուցարարները աւելի վերջ ուղղուեցան այն փողոցը, ուր ձորի մը մէջ կը գտնուին վարչապետի եւ Հայաստանի միւս բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բնակութեան ապարանքները։ Ցուցարարները շուրջ կէս ժամ արգելափակուած պահեցին այդ կէտը։

Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ խիստ ոճով մը կրկնեց Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը։ Յամենայնդէպս, իր որոշ բանաձեւումները միանշանակ չընկալւեցան։ Արդարեւ, ան յայտնեց, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեան ինքնակամ չհրաժարի, ապա պարտադրանքով պիտի հեռացուի։ Վազգէն Մանուկեան պնդեց, որ «ժողովուրդը կրնայ յօշոտել» Փաշինեանը։ Այս արմատական տրամադրութիւններու բարձրաձայնուած մթնոլորտին մէջ ընդդիմադիր ուժերը մինչեւ վաղը կէսօր ժամկէտ ճշդեցին Փաշինեանի հրաժարման համար։

Շաբաթ օրուան հանրահաւաքէն վերջ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ բողոքի ձայն բարձրացուցին իշխանութիւններուն դէմ։ Այսպէս, լրագրական կազմակերպութիւնները դատապարտեցին, որ հանրահաւաքի ընթացքին մամլոյ սպասաւորներու գործունէութիւնը խոչընդոտուած է։ 

Ակնյայտ է, որ Հայաստանի ընդհանուր իրադրութիւնը կ՚երթայ դէպի առճակատում եւ յղի է մտահոգիչ հաւանականութիւններու։ Նիկոլ Փաշինեանի շաբաթավերջի յայտարարութիւններուն ծանր ձեւով արձագանգեց երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը։ Յարակից սիւնակներուն մէջ արդէն ներկայացուած է այդ յայտարարութիւնը։

Իր կարգին, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ալ հանդէս եկաւ կարեւոր զգուշացումներով։ Ան վերջին օրերուն շարունակ խօսած է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի անհրաժեշտութեան մասին, սակայն իր գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսը չէ միացած «Հայրենիքի պաշտպանութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման։ Տէր-Պետրոսեան այս փուլին խոր մտահոգութիւն արտայայտեց իշխանութեան համար մղուող պայքարի ընթացքին կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, նոյնիսկ այդ պայքարի կողմերու կամքէն անկախ, որեւէ պատահական բռնարարքի կամ սադրանքի հետեւանքով քաղաքացիական պատերազմ մը կրնայ ծագիլ երկրէն ներս։ Սա արդէն կ՚ըլլայ ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ հայոց պետականութեան վերջը։ Ուստի, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան յոյս յայտնեց, թէ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վազգէն Մանուկեան լիովին կը գիտակցին այս վտանգը եւ ամէն ջանք կը գործադրեն՝ խուսափելու համար իրադարձութիւններու ծաւալման նման ընթացքին։ Տէր-Պետրոսեանի այս զգուշացումը, յամենայնդէպս, ընդդիմադիր խմբաւորման կողմէ միանշանակ չընկալուեցաւ՝ մանաւանդ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կարգ մը ներկայացուցիչներ զինքը մեղադրեցին Նիկոլ Փաշինեանը խնայելով։

«Նկատի ունենալով Հայաստանին եւ Արցախին բաժին ինկած նուաստացուցիչ պարտութիւնը՝ Փաշինեանի վարչակազմը անյապաղ պէտք է հեռանայ, բայց ո՛չ թէ ներազգային բախումներու, այլեւ՝ սահմանադրական ճանապարհով», ըսաւ Տէր-Պետրոսեան եւ աւելցուց, որ Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորած հանրահաւաքը աւելի խորացուցած է իր մտավախութիւնը Հայաստանին սպառնացող քաղաքացիական պատերազմի վտանգին տեսակէտէ։ Այս պատասխանատու միտքը արտայայտելու հիմք հանդիսացած են հանրահաւաքի ընթացքին Մանուկեանի կողմէ կատարուած կարգ մը յայտարարութիւնները։ Եթէ կողմերէն միայն մէկուն դիրքորոշումը ըլլար բռնութեան պատրաստակամութեան անթաքոյց ցուցադրութիւնը, ապա սա մեծ վտանգ մը պիտի չներկայացնէր։ Մինչդեռ Մանուկեան անզգուշօրէն կ՚անտեսէ, որ նման դիրքորոշում որդեգրած է նաեւ Փաշինեան։ Վարչապետին պահուածքը եւ հռետորաբանութիւնը ցոյց կու տան, որ ան ամենեւին մտադիր չէ կամաւոր հեռանալու, այլ պատրաստ է որեւէ առճակատման։ Հետեւաբար, եթէ երկու կողմերն ալ վճռական տրամադրուած են, ապա բախումը անխուսափելի է։ Այսօր ակնյայտ է, որ Փաշինեանն ու իր խումբը իշխանութիւնը զիջելու որեւէ պատրաստակամութիւն չեն ցուցաբերեր։

«Միթէ այս ուղղութեամբ համոզուելու համար մեր ժողովուրդին ապացոյցնե՞ր պէտք են։ Միթէ հասկնալի չէ՞, որ թէեւ ոչ մտաւորական առումով, այլ իրենց խառնուածքով, յամառութեամբ, արկածախնդրական հակումներով ու մինչեւ վերջ երթալու մոլուցքով Վազգէն Մանուկեան եւ Նիկոլ Փաշինեան երկուորեակներ են։ Հանրութիւնը արդեօք մոռցա՞ծ է, որ երկուքն ալ խորհրդարանին վրայ յարձակելու մեծ փորձ ունին, ինչ որ «փայլուն կերպով» կիրառած են 1996 եւ 2018 թուականներուն։ 2018-ին Սերժ Սարգսեան զիջեց եւ իր քաղաքական յենարանը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը արտաքուստ օրինական ճանապարհով իշխանութիւնը յանձնեց Նիկոլ Փաշինեանին։ Ի միջի այլոց, այսպէսով, դժբախտաբար, վիժեցուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի փոխզիջումային կարգաւորման եւս մէկ հնարաւորութիւն։ Որովհետեւ, իմ տպաւորութեամբ, Սերժ Սարգսեան պատրաստ էր իր վերընտրութենէն յետոյ անմիջապէս ստորագրել Լաւրովի ծրագիրը, ինչ որ Փաշինեանի ստորագրած եռակողմանի յայտարարութեան բաղդատմամբ մեծագոյն յաղթանակ կը համարուէր», նշած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեան յայտարարութեան մէջ։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2020