ՉԱԿԵՐՏԵԱԼ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏԱԿ ԱՒԵՐՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքը նոր հարուած մը կը համարուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ 20 յունիսէն ետք Վանաձորի մէջ իր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ձայները նուազած են 18 հազարով, Աբովեանի ու Վեդիի մէջ՝ գրեթէ կրկնակի․ խոշոր քաղաքներու ամփոփ տուեալները։

Ինչ որ ալ ըլլան յառաջիկայ օրերու մեկնաբանութիւնները՝ մէկ բան պարզ է, որ անցեալ կիրակի տեղի ունեցած ՏԻՄ մասնակի ընտրութիւնները «վարդագոյն» օրերու խոստում չեն բերեր երկրի գործող իշխանութիւններուն։ Ըսեմ նաեւ, որ կիրակի երեկոյեան յստակ կը դառնար, թէ Փաշինեանի ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը մեծ հարուած կը ստանար՝ մասնաւորապէս խոշոր քաղաքներուն մէջ, ուր իշխանութեանց համար անհնարին կը դառնար ո՛չ միայն իր ունեցած համայնքներու պահպանումը, այլ աւելին՝ կը ստեղծուէր բաւականին խառնաշփոթ վիճակ մը։ Ինչ-ինչ հանգամանքներու բերումով տարբեր ուժ ու ներկայութիւնով քաղաքական-քաղաքացիական հատուածները կերպով մը կը միաւորուէին եւ ուժգին հարուած մը կը հասցնէին իշխանութիւններուն։

Նախնական տուեալներով Փաշինեան եւ իր խմբակիցները կը կորսնցնէին՝ տակաւին մօտաւոր անցեալին իրենց տրուած ահռելի քանակութեամբ քուէները ու այս առումով ալ կը խօսուէր աւելի քան երկու հարիւր հազար քուէի մասին։ Այդ խաւերը ո՛չ միայն կը հեռանային իշխանութիւններէն, այլեւ պատրաստ էին ապագային ալ իրենց մերձականերու ու «մեռեալ» համարուող ձայները յատկացնել ընդդիմադիր շրջանակներուն։ Այս բոլորի լոյսին տակ լսելի դարձած ամենէն ազդեցիկ ձայնը կը բարձրանար Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն։ Կուսակցութեան բարձրաստիճան պատասխանատուները կը հաւաստէին, թէ պատահածը հաւաքական պայքարի ու դիմադրութեան առաջին ծիլն է՝ յոյս տալով ցոյցերէ եւ հաւաքներէ «յոգնած» հանրութեան՝ գօտեպնդուելու եւ ապագայ պայքարներուն նայելու համար։

ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐ ԵՒ... ԹԻՒԵՐ

Եւ այսպէս, 5 դեկտեմբերին, Հայաստանի 7 մարզերու 36 համայնքներուն մէջ կազմակերպուած ՏԻՄ համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւնները…

Ամենէն ուշագրաւ փաստը, անշուշտ, «Քաղաքացիական պայմանգիր»ի կարգ մը կարեւոր շրջաններու մէջ կրած պարտութիւնն էր։ Այդ համայնքներու մեծամասնութեան մէջ կուսակցութիւնը յաղթած էր անցեալ 20 յունիսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Մասիս քաղաքի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած էր 8 հազար 941 ընտրող, «Քաղաքացիական պայմանգիր»ի օգտին քուէարկած՝ 4 հազար 648 ընտրող։ Շաբաթավերջի ՏԻՄ ընտրութիւններուն նոյն քաղաքի քուէրակութեան մասնակցած է 7 հազար 319 ընտրող, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը ստացած է 2 հազար 557 ձայն։

Լոռիի մարզի կեդրոնին՝ Վանաձոր քաղաքին մէջ 20 յունիսի քուէարկութեան մասնակցած էր 44 հազար 597 ընտրող, «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի օգտին քուէարկած էր 25 հազար 985 ընտրող։ Շաբաթավերջի ընտրութիւններու ընթացքին Վանաձորի քուէարկութեան մասնակցած է 30 հազար 482 ընտրող, իսկ իշխանութեան ի նպաստ քուէարկած՝ 7 հազար 227 ընտրող։ Այսինքն, քուէարկութեան մասնակիցներու թիւը աւելցած է շուրջ 5 հազարով, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի ի նպաստ քուէարկածներու թիւը նուազած՝ աւելի քան 18 հազարով։

Արարատի Վեդի քաղաքին մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած էր 5 հազար 156 ընտրող, որու 2 հազար 690-ը ձայն տուած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր»ին։ Շաբաթավերջի ՏԻՄ ընտրութիւններուն այդ նոյն քաղաքին մէջ քուէարկած է 5 հազար 169 քաղաքացի, որու միայն 1346-ը քուէարկած է իշխանութեան ի նպաստ։ Այսինքն, «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի ձայները քանի մը ամսուայ ընթացքին գրեթէ կրկնակի նուազած են։

Գեղարքունիքի մարզի կեդրոնին՝ Գաւառի մէջ անցեալ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած էր 8 հազար 692 ընտրող, իշխանութիւնը ստացած էր 5 հազար 567 ձայն։ Այս վերջին ՏԻՄ ընտրութիւններուն Գաւառ քաղաքէն մասնակցած է 8 հազար 373 հոգի, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի ապահոված քուէներուն թիւը եղած է միայն 1159։

Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած էր 21 հազար 618 ընտրող, որու 9 հազար 445-ը ձայն տուած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր»ին։ Շաբաթավերջի ՏԻՄ ընտրութիւններուն նոյն Աբովեանին մէջ քուէատուփի մօտ փութացած է 15 հազար 36 ընտրող, մինչ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ին ի նպաստ քուէարկած է միայն 5 հազար 293 քաղաքացի։

Ճիշդ է, որ այս թիւերը տակաւին վերջնական չեն, սակայն, մեծ հաշուով ցոյց կու տան ընդհանուր պատկերը։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԳՐԱՌՈՒՄԸ

Վիճակի յստականալէն վերջ ու փորձելով չկորսնցնել իշխանութեան «վայել» անդորրը՝ առաջին իսկ առիթով Նիկոլ Փաշինեան կարճ գրառում մը կը կատարէր։ Անոր միտք բանին հետեւեալն էր. «Գիտէք, մենք երկրին մէջ ունինք շատ աւելի կարեւոր խնդիրներ եւ այս փուլին մեր պարտութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն չունի»։ Մօտաւորապէս այս «թոն»ով կը խօսէր ան, նաեւ կը փայփայէր այն գաղափարը, թէ ըստ իրեն, իրենք ժողովրդավարներ են ու ընտրութիւնները այդ «լիարժէք» ժողովրդավարութեան մեծագոյն փաստը կը համարուին։ Անշուշտ, տակաւին երկար վերլուծութեան արժանի պիտի դառնան ո՛չ միայն Փաշինեանի այս խօսքերը, այլեւ իշխանութեան ընդհանուր վարքը՝ քանի ամէն օր աւելիով կը թուլանայ եւ աւելի մեծ քանակութեամբ հետեւորդ, նաեւ քուէ կը կորսնցնէ։ Շատ բնական է այս օրինաչափութիւնը որեւէ իշխանութեան համար, սակայն, խնդիրը միայն իշխանութիւնը չէ։ Արդարեւ, այսօրուան իշխանութիւնը չակերտեալ ժողովրդավարութեան անուան տակ աւերներ գործած է երկրին մէջ։

Ամէն ինչ, անշուշտ, դեռ առջեւն է։ Փաշինեան եւ անոր իշխանախումբը ի մօտոյ բաւական լուրջ հակադարձութիւններու դէմ յանդիման պիտի ըլլան քաղաքական եւ քաղաքացիական այն ուժերուն հետ, որոնք զանազան համայնքներէ ներս, օրինակ՝ Վանաձոր, Աբովեան, Վեդի եւ այլն, բաւականին մեծ լծակ եւ ազդեցութեան միջոցներ ունեցան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021